Թուրքիոյ Մէջ Կը Շարունակեն Կարմուճի Հայկական Եկեղեցւոյ Աւերումը

Կարմուճ գիւղի եկեղեցին

Կարմուճ գիւղի եկեղեցին

«Ակօս» շաբաթաթերթը` յղում կատարելով «Ենի Ուրֆա» թերթին, կը հաղորդէ, որ Ուրֆայի կեդրոնէն 10 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Կարմուճ (տեղացիներու կողմէ Կամուրջի վերափոխուած ձեւը) գիւղի եկեղեցին կը թալանուի:

Տարածքին մէջ շինարարական աշխատանքներ սկսած են եւ նոր շէնքեր կը կառուցուին: Թէեւ եկեղեցւոյ շրջակայքը Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան կողմէ զբօսաշրջութեան զարգացման կեդրոնի վերածուած է, սակայն եկեղեցւոյ վիճակը կը շարունակէ ցաւալի մնալ:

Կէօպեքլի Թեփէ կոչուող հնագիտական բլուրին մօտ գտնուող Կարմուճ գիւղին մէջ կառուցուած հայկական եկեղեցին երկար տարիներ իբրեւ ախոռ օգտագործուած է:

Զբօսաշրջութեան զարգացման տարածք հռչակուելէ ետք եկեղեցին անցեալ տարի մաքրուած է, սակայն այժմ ալ գանձ փնտռողներու թիրախին մէջ յայտնուած է:

Եկեղեցւոյ չորս կողմը փորուած փոսերը լուրջ վնասներ կը պատճառեն շինութեան: Գիւղին ճամբաները եւս անխնամ են:

Ըստ վկայութիւններու, Կարմուճի մէջ մինչեւ 1915 բնակած է շուրջ հազար հայ: Ատկէ ետք հայաթափուած գիւղին մէջ անցեալ տարի առաջին անգամ կրօնական արարողութիւն տեղի ունեցած է:

Տեղւոյն բնակիչները կը նշեն, որ իրենք անզօր են կողոպտիչներուն դէմ պայքարին մէջ:

Գեղարուեստի պատմութեան դասախօսներէն Ճիհատ Կիւրքճիօղլու եւ քաղաքային խորհուրդի ղեկավար Սարպրի Տիշլի ցաւ յայտնած են սրբավայրին պահպանման հարցին մէջ նման թերացումներու համար:

Կարմուճի եկեղեցին 2011-ի ընտրութիւններուն ընթացքին ներառուած էր իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նախընտրական` «4 տարի 400 նախագիծ» գրքոյկին մէջ` յառաջիկային վերանորոգուելիք պատմական ժառանգութեան կազմին մէջ:

Եկեղեցւոյ յուշաքարը անհետացած է, ուստի դժուար է ատոր հիմնադրման մասին փաստացի վկայութիւններ ունենալ: Սակայն տեղացի ժողովուրդին մէջ աւանդազրոյց մը տարածուած է, ըստ որուն, եկեղեցին 7 եղբայրներ կառուցած են` հրաժարելով այլոց օգնութենէն:

Share this Article
CATEGORIES