Մուշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին Կրնայ Վերանորոգուիլ

Մշոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցին

Մշոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցին

«Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ պատմական Մուշէն մնացած Քալէ թաղամասին մասին նիւթեր հրապարակուած էին այն ժամանակ, երբ Թուրքիոյ կառավարութեան կից շինարարական կազմակերպութիւնը բնակարաններ կառուցելու համար քանդած էր թաղամասին պատմական շինութիւնները:

Հրապարակումներէն ետք փլուզումէն փրկուած է հայկական Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ բնակելի շէնք մը:

Գանձ փնտռողներու կողմէ բազմիցս աւերուած եկեղեցիէն այժմ միայն չորս պատերը կանգուն մնացած են:

Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան կողմէ արձանագրուելէ ետք կ՛ակնկալուի, որ եկեղեցին պաշտպանելու համար քայլերու ձեռնարկուին:

30 մարտին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք պաշտօն ստանձնած Մուշի նոր քաղաքապետ Ֆէյաթ Ասիա «Ակօս»-ին յայտնած է, որ եկեղեցւոյ վերանորոգման համար սկսած են նախագիծ մշակել:

Մինչեւ 1915 Մուշ քաղաքը իր 299 եկեղեցիներով, 94 վանքերով, 53 ուխտատեղիներով եւ 5669 աշակերտներ ընդունող 135 դպրոցներով կարեւոր կեդրոն կը նկատուէր:

Ս. Աստուածածինը քաղաքի գլխաւոր եկեղեցին էր: Կեդրոնին մէջ այլ հայկական եկեղեցի ալ եղած է, սակայն մզկիթի վերածուած է:

Share this Article
CATEGORIES