ՄԱԿ. «Իրան Կը Շարունակէ Միջցամաքամասային Հրթիռներու Ստեղծման Ծրագիրը»
ՄԱԿ-ի հիւլէական փորձագէտներու խորհուրդը Իրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ հրապարակած է նոր զեկուցում մը, որուն մէջ կը նշուի, որ թէեւ Թեհրանը վերջին շրջանին զգալի կերպով նուազեցուցած է ծրագիրին զարգացման համար անհրաժեշտ նիւթերու ձեռքբերումը, բայց եւ այնպէս իսլամական հանրապետութիւնը չէ հրաժարած միջցամաքամասային հրթիռներ ստեղծելու մտքէն եւ կը շարունակէ աշխատիլ այդ ուղղութեամբ:
«Արապիա» կը նշէ, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի քանի մը օր առաջ ըսած էր, որ Արեւմուտքը պէտք է «անմիտ» ըլլայ` ակնկալելով, որ իր երկիրը կը հրաժարի հրթիռներու զարգացման ծրագիրէն:
Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնած է, որ Թեհրան միջցամաքամասային հրթիռներու ստեղծման համար անհրաժեշտ մասերը կը գնէ տարբեր երկիրներէ, որոնց շարքին են Ռուսիան ու Չինաստանը, իսկ հրթիռներու կազմումը տեղի կ՛ունենայ Իրանի մէջ:
ՄԱԿ-ի փորձագէտներու խորհուրդը 49 էջնոց զեկուցումին մէջ ընդգծած է, որ Իրանի հրթիռային ծրագիրի զարգացման հոլովոյթին հետեւիլը այնքան ալ դիւրին չէ` իսլամական հանրապետութեան ոչ թափանցիկ գործունէութեան պատճառով:

