Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ սէուտական «Ռիատ» օրաթերթին յայտնեցին, որ նախքան 25 մայիսը նախագահական ընտրութիւն կարելի պիտի չըլլայ կատարել:
ԵՐԿՈՒ յանցագործներ` Համտի Ա.` Թրիփոլիէին եւ Մուսթաֆա Մ.` Աքքարէն, հիւսիսային Լիբանանի մէջ անձնատուր եղան լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ձգտումները կը գերազանցեն համախոհութեան տրամաբանութիւնը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Դիմադրութեան հակառակորդ է եւ իր այս ուղղուածութիւնը Լիբանանի քաղաքական երկփեղկումը կը սրէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Հըզպալլա կը շարունակէ Լիբանանի պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը արգելակել:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ 25 մայիսէն առաջ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանական նիստին մասնակցութիւնը շատ հաւանական է:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Համասի ներկայացուցիչ Ալի Պարաքէ շեշտեց, որ միջպաղեստինեան հաշտութիւնը օժանդակած է պաղեստինեան միասնականութեան ամրապնդումին:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ ան հետզհետէ աւելի համոզուած է, թէ զօր. Միշել Աունի նախագահ ընտրութիւնը կրնայ երկրին վարչակարգը վերափոխել:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի տեղեկատուական պատասխանատու իրաւաբան Սլէյման Ֆրենժիէ շեշտեց 25 մայիսէն առաջ հզօր եւ համախոհական նախագահ մը ընտրելու անհրաժեշտութիւնը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի այցելուներուն համաձայն, նախագահական աթոռի թափուր մնալուն պարագային Պըրրի երեք օրը անգամ մը խորհրդարանը պիտի հրաւիրէ նախագահական ընտրութեան նիստի:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ իրենք չեն միտիր խանգարել նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը, սակայն կ՛աշխատին գոյացնել նախագահի համախոհական թեկնածու մը:
ՍԵՆՏԻՔԱՅԱԿԱՆ համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ շեշտեց, որ Մայիս 14-ի սենտիքայական շարժումը ծնած է Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին արգանդէն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրները հերքեցին այն տեղեկութիւնները, թէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի զօր. Միշել Աունին յստակ պատասխան մը փոխանցած է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ ընդգծեց, որ կարելի չէ մրցակցութիւն պատճառող հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել, ինչպէս նաեւ կարելի չէ ներկայ նախագահին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգել:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւրներէ, կը գրէ, որ անոնց ներկայ կարգախօսն է` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կամ ոչ ոք:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ մաղթեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը նախագահական իրենց թեկնածուն յստակ կերպով կը յայտարարեն:
ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերու մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կը պնդէ երկրին սահմանադրութիւնը փոխելու կարեւորութիւնը, որպէսզի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շարունակէ իր պաշտօնավարութիւնը:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթէն, կը գրէ, թէ իրենք չեն կրնար նախագահական ընտրութիւնը կատարել` առանց Հըզպալլայի հետ գործակցելու:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը կը գրէ, թէ Եգիպտոսի նախագահական ընտրութեան թեկնածու Ապտել Ֆաթթահ Սիսի յայտնած է, որ Լիբանանի յաջորդ նախագահը պիտի ըլլայ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ համախմբումը վերջնական որոշում չէ տուած 22 մայիսի նախագահական ընտրութեան նիստին մասնակցելու առումով:
ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու յայտնեց, որ արտաքին առումով համաձայնութիւն մը գոյանալէ ետք Լիբանանին պիտի պարտադրուի նոր նախագահը: Ժուզու յայտնեց, որ Հըզպալլա նման է ՏԱՀԵՇ-ին եւ Նուսրային:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն այցելեց Վատիկան, ուր քննարկեց Լիբանանի եկեղեցւոյ վերաբերող հարցեր:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուի յայտնեց, որ իրենք կոչ չեն ուղղեր նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու, այլ կոչ կ՛ուղղեն 25 մայիսին նախագահական ընտրութիւն կազմակերպելու:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ Քըպպէ բանտէն երէկ առաւօտեան ժամը 3:00-ին արգելափակեալ մը փախուստ տուած է:

