Պըրրի Ընդունեց Ներքին Գործոց Նախարարն Ու Նահանգապետերը

Մաշնուքի եւ նահանգապետերուն հետ հանդիպումէն պահ մը

Մաշնուքի եւ նահանգապետերուն հետ հանդիպումէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքը`  ընկերակցութեամբ նոր նշանակուած  նահանգապետերուն:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նահանգապետերուն դերակատարութիւնը եւ լիբանանեան իւրաքանչիւր նահանգի մէջ բարգաւաճման ծրագիրներուն գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը:

Պըրրի ընդունեց նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս առողջապահութեան մարզը յուզող հարցեր: Միւս կողմէ, Պըրրի իր այցելուներուն յայտնեց, որ 22 մայիսի նախագահական ընտրութեան նիստը վերջինը պիտի չըլլայ մինչեւ 25 մայիս` աւելցնելով, որ նոյնիսկ եթէ նախագահական աթոռը թափուր մնայ, ինք երեք օրը անգամ մը խորհրդարանը պիտի հրաւիրէ նախագահական ընտրութեան նիստերու:

Պըրրի շեշտեց, որ քրիստոնեայ համայնքը պէտք է նախագահական թեկնածուի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնէ, որպէսզի կարելի ըլլայ նախագահական ընտրութիւնը կատարել:

Share this Article
CATEGORIES