Վարչապետ Սալամ Նախագահեց Նախարարական Յանձնախումբերու Նիստերուն

Տագնապներու եւ աղէտներու դիմակայման գերագոյն խորհուրդի նիստէն պահ մը

Տագնապներու եւ աղէտներու դիմակայման գերագոյն խորհուրդի նիստէն պահ մը

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց աղբի հարցի տնօրինման յատուկ նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել եւ նախարարներ Արթիւր Նազարեան, Աքրամ Շեհայէպ, Ալի Հասան Խալիլ, Հիւսէյն Հաժ Հասան, Նեպիլ տը Ֆրէյժ եւ Մոհամետ Մաշնուք:

Վարչապետ Սալամ նախագահեց նաեւ տագնապներու եւ աղէտներու պարագային գործող գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր, որոնց կարգին` Լիբանանի անտառներուն մէջ բռնկած հրդեհներուն հարցը:

Միւս կողմէ, սէուտական «Օքազ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, վարչապետ Թամմամ Սալամ շեշտեց, որ բնական է, որ օտար երկիրներ կատարելիք իր պաշտօնական շրջապտոյտը սկսի Սէուտական Արաբիայէն, որ Լիբանանի գլխաւոր զօրակից պետութիւնն է:

Սալամ բարձր գնահատեց լիբանանցիներուն նկատմամբ Ռիատի կեցուածքները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին` լիբանանեան բանակին տրամադրած անոր առատաձեռն նուիրատուութեան համար:

Վարչապետ Սալամ աւելցուց, որ երեքշաբթի, 20 մայիս 2014-ին ինք սէուտցի պատասխանատուներուն հետ կարեւոր հանդիպումներ պիտի ունենայ` քննարկելու համար երկու կողմերուն վերաբերող իրադարձութիւնները, շրջանային զարգացումներուն լոյսին տակ:

 

Share this Article
CATEGORIES