Պու Սաապ Ընդունեց Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդի Մէկ Պատուիրակութիւնը

1605bou_saab_gharibԿրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Պու Սաապ երէկ ընդունեց Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ, Անձնական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ, Տարրական ուսման բաժանմունքի ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Մահմուտ Այուպ եւ Թեքնիք ուսման ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Էլի Խալիֆէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան խորհրդարանին կողմէ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձերու յաւելումներուն մասին երեսփոխաններուն կատարած քննարկումները:

Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նախարար Պու Սաապ յայտնեց, որ բոլոր դպրոցները իրենց դասաւանդութեան սովորական ընթացքը պիտի շարունակեն եւ ոչ մէկ դպրոց պիտի փակուի: «2013-2014 կրթական տարեշրջանը պիտի ամբողջանայ եւ հաւանաբար դպրոցները յաւելեալ շաբթուան մը համար իրենց դռները բաց կը պահեն` ամբողջացնել կարենալու համար կրթական ծրագիրը», ըսաւ ան:

Պու Սաապ աւելցուց, որ համաձայնութիւն գոյացած է դպրոցական բոլոր քննութիւնները կատարելու, «իսկ պետական քննութիւններուն պարագային, ապա անոնց կայացումը կախեալ է խորհրդարանին տալիք որոշումէն», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Մահֆուտ մէջբերեց Տնտեսական խորհուրդներուն յայտարարութիւնը, թէ աշխատավարձի յաւելումներուն վաւերացումը Լիբանանը դէպի անորոշութիւն պիտի տանի` աւելցնելով, որ այդ յաւելումները չվաւերացուեցան, սակայն Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի անորոշութիւն:

Ան հաստատեց, որ խորհուրդը կը պահանջէ աշխատավարձերու յաւելումներուն վաւերացումը` նախքան պետական քննութիւններուն կայացումը:

Ղարիպ շեշտեց, որ իրենց կողմէ արձանագրուած մագլցողական քայլերը դրական յարձակումներ են` ողջունելով աշակերտները Մայիս 14-ի շարժումին առիթով:

Ան նշեց, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը ուսուցիչներուն, զինուորականներուն եւ վարչականներուն ձայնը եւ երկրին փրկութեան լաստը կը նկատուի:

«Մենք կառչած կը մնանք մեր իրաւունքներուն, որոնք սուրբ են», ըսաւ ան:

 

Share this Article
CATEGORIES