Նախագահ Սլէյման Խորհրդարանին Կը Թելադրէ Սահմանադրական Հոլովոյթը Շարունակել

Նախագահ Սլէյման եւ Թուսան Քոնկօ Տուտու
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, սահմանադրութեան 10-րդ բաժնի 53-րդ յօդուածին համաձայն, նամակ մը յղեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին` խորհրդարանէն պահանջելով գործադրել սահմանադրութիւնն ու սահմանադրական օրէնքները` կանխարգիլելու համար երկրին սպառնացող վտանգները, եթէ 25 մայիսէն առաջ կարելի չըլլայ հանրապետութեան նոր նախագահի մը ընտրութիւնը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց Կեդրոնական Ափրիկէի արտաքին գործոց նախարար Թուսան Քոնկօ Տուտու, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ անոնց ամրապնդման հեռանկարները, յատկապէս երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան առումով:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ներկայ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ արաբական եւ միջազգային խորհրդաժողովներուն իր մասնակցութեան մանրամասնութիւնները:
Նշենք, որ Լիբանանի մէջ օտար պետութիւններու դեսպաններ ստացած են հրաւէրներ` 24 մայիս 2014-ին ներկայ գտնուելու Պաապտայի մէջ հանդիպումի մը, որ շատ հաւանաբար նախագահ Սլէյմանի հրաժեշտի այցելութիւնը պիտի ըլլայ:

