Կառավարութիւնը Նուազեցուց Համացանցի Օգտագործման Եւ Բջիջային Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւններուն Սակերը

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:

Կառավարութիւնը քննարկեց 61 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որ կ՛ընդգրկէր նաեւ սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարն ու կառավարական հիւանդանոցներու մէջ կատարուելիք նշանակումներու շարք մը:

Նիստին ընթացքին վարչապետ Սալամ ընդգծեց Լիբանանի մէջ տիրող հանգիստ եւ հանդարտ մթնոլորտը` աւելցնելով, որ ինք պիտի շարունակէ կառավարութեան աշխատանքը` պահպանելով երկրին ապահովութիւնն ու բարգաւաճումը:

Վարչապետ Սալամ մաղթեց, որ հանրապետութեան յաջորդ նախագահը ընտրուի սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին, ինչպէս նաեւ յոյս յայտնեց, որ աշխատավարձի յաւելումները ամէնէն արագ միջոցին վաւերացուին:

Վարչապետը կառավարութիւնը տեղեակ պահեց, թէ ինք պատուիրակութեամբ մը  երկուշաբթի, 19 մայիս 2014-ին, պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի ուղղուի Սէուտական Արաբիա:

Նիստէն ետք, տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մաշնուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը քննարկած է սուրիացի գաղթականներուն

վերաբերող հարցերը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի վրայ անոնց ունեցած հետեւանքները:

Կառավարութիւնը վաւերացուց կարգ մը ծրագիրներ, որոնց շարքին` հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպի կողմէ ներկայացուած սովորական եւ բջիջային հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ համացանցի գործածութեան սակերը նուազեցնելու ծրագիրը:

Նախարար Հարպէն պահանջուեցաւ կառավարութեան ներկայացնել պետական գանձարկղին վրայ այդ նուազումներուն ունենալիք ազդեցութիւններուն մասին տեղեկագիր մը:

Վարչական նշանակումներուն առումով Մաշնուք նշեց, որ կառավարութիւնը որոշեց Գիտական հետազօտութեան ազգային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մույին Ապու Համզայի նշանակումը երկու տարիով երկարաձգել:

Կառավարութիւնը Եասեր Զըպիանը նշանակեց Սպառողներու շուկայի հաստատութեան ընդհանուր տնօրէն, Ֆայսալ Շաթիլան` Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի ընդհանուր տնօրէն եւ Եահիա Խամիսը` Պետական պաշտօնեաներու համագործակցականի ընդհանուր տնօրէն:

Նշենք, որ նախքան Մաշնուքի կատարած պաշտօնական յայտարարութիւնը, Հարպ լրագրողներուն յայտնեց, որ ուրբաթ, 23 մայիսին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պիտի բացատրէ կառավարութեան տուած որոշումները, ինչպէս նաեւ այն հանգրուանը, որուն Լիբանան պիտի հասնի` հաղորդակցութիւններու մակարդակին առումով:

 

Share this Article
CATEGORIES