«Ոչ Ոք Կը Պատկերացնէ, Որ Լեռնային Ղարաբաղը Տէ Ժիւրէ Մաս Պիտի Կազմէ Մաքսային Կամ Եւրասիական Միութեան» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

Կիրօ Մանոյեան
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, երէկ մեկնաբանելով Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի անդամներէն մէկուն վերջին յայտարարութիւնը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը պիտի չանդամակցի Մաքսային միութեան, նշեց, որ Մաքսային միութեան պաշտօնակատարը այլ բան չէր կրնար ըսել: Ըստ Մանոյեանի, ոչ ոք կը պատկերացնէ, որ Լեռնային Ղարաբաղը տէ ժիւրէ մաս պիտի կազմէ Մաքսային կամ Եւրասիական միութեան: Մանոյեան աւելցուց, որ խնդիրը գործնականն է, այսինքն` որքանո՛վ Մաքսային/Եւրասիական միութեան անդամները հետամուտ պիտի ըլլան, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի հետ Հայաստանի տնտեսական յարաբերութիւնները տարբեր ըլլան այսօրուան կարգավիճակէն:
Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ եթէ Մաքսային միութեան անդամները առանց հարցը իրաւականօրէն լուծելու չբարձրացնեն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անդամակցութեան հարցը, որեւէ խնդիր չկայ, բայց խնդիրը այն է, որ, որոշ տեղեկութիւններու համաձայն, Մաքսային միութեան անդամ պետութիւններէն մէկը կամ երկուքը (խօսքը, մասնաւորաբար, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի մասին է) Թուրքիոյ կամ Ազրպէյճանի մղումով արդէն կ՛ուզեն բարձրացնել այդ հարցը:
«Եթէ բարձրացնեն, արդէն հարց պիտի ստեղծուի», նշեց Մանոյեան: Ան ընդգծեց, որ ատիկա վերջաւորութեան յայտնի կ՛ըլլայ, այսինքն` հարցը այն է, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ վերջնական, ստորագրուելիք փաստաթուղթին մէջ: Անկէ կախեալ է ամէն բան: Մանոյեան նշեց, որ եթէ ամէն պարագայի որոշում տրուի, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջեւ պէտք է մաքսակէտեր ըլլան, ապա այդ պարագային չի կարծեր, որ Հայաստանի որեւէ քաղաքական ուժ պիտի համաձայնի Հայաստանի` Մաքսային միութեան անդամ դառնալուն:
Նշենք, որ օրեր առաջ Երեւանի, Մոսկուայի, Ասթանայի ու Մինսքի միջեւ կազմակերպուած տեսակամուրջի ժամանակ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի Զարգացման եւ համարկման բաժանմունքի Միջազգային գործակցութեան բաժինի պետ Անթոն Ազարով յայտարարած էր, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մաքսային/Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան հարցը նոյնիսկ չի քննարկուիր, եւ միութեան սահմանները պիտի անցնին Հայաստանի Հանրապետութեան` ներկայիս ընդունուած սահմաններով: Արձագանգելով Ազարովի յայտարարութեան` տեսակամուրջին հայկական կողմէն մասնակցած Արտակ Զաքարեան` Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահը, մասնաւորաբար յայտնած էր, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջեւ մաքսային սահման չի կրնար ըլլալ:

