Ուորլիք. «Սթաթիւս Քոն Անկայուն Է Եւ Հետզհետէ Աւելի Ու Աւելի Վտանգաւոր»

Ճէյմս Ուորլիք

Ճէյմս Ուորլիք

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք Հարաւային Կովկաս նախատեսուող այցելութենէն առաջ ազրպէյճանական 1news.az կայքին հետ հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ անհրաժեշտ է շարունակել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ աշխատանքը: Սթաթիւս քոն անկայուն է եւ հետզհետէ աւելի ու աւելի վտանգաւոր, եւ ամէնէն վատ ելքը վերսկսուած տագնապը պիտի ըլլայ:

Ուորլիք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն կոչ ուղղած է մօտ ատենէն դարձեալ հանդիպելու եւ սկսելու խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւններուն:

Միջազգային խաղաղութեան Քառնեկի հիմնադրամին մէջ իր արտասանած խօսքին վերաբերեալ հարցումին պատասխանելով` Ուորլիք նշած է, որ «Լեռնային Ղարաբաղին յարող տարածքները բռնագրաւուած են եւ պէտք է վերադարձուին Ազրպէյճանին` իբրեւ համընդհանուր լուծման տարր մը»: Սակայն, Ուորլիքի խօսքով, կարեւոր է, որ բոլոր վեց բաղադրիչները ընդունուին, որպէսզի կարելի ըլլայ խնդիրի խաղաղ լուծումը:

Անդրադառնալով «Թուիթըր»-ի վրայ իր կատարած գրառումներէն մէկուն, երբ ան գրած էր, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի իրական կողմերը Ազրպէյճանն ու Լեռնային Ղարաբաղն են` Ուորլիք ըսած է. «Միացեալ Նահանգները կը ճանչնան միայն երկու գերիշխան պետութիւն` Հայաստանն ու Ազրպէյճանը: Կան նաեւ վնասուած կողմեր, որոնք են Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը եւ տագնապին պատճառով յառաջացած գաղթական ու ներքին տեղահանուած մարդոց խումբերը: Մենք պէտք է հաշուի առնենք բոլոր տեսակէտները` տեւական լուծման հասնելու ուղղութեամբ մեր աշխատանքին ընթացքին»:

Ամերիկացի համանախագահը իր հարցազրոյցին մէջ անդրադարձած է նաեւ մայիսին Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական լոպիին կողմէ կազմակերպուած «Յառաջ շարժելու ուղիներ. ինքնորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան համար» խորագիրով խորհրդաժողովին մասնակցելու իր մտադրութեան, որ Պաքուի մէջ դժգոհութիւն յառաջացուցած էր: Ուորլիք նշած է, որ կը պատրաստուէր ոչ պաշտօնական հանդիպում ունենալու «Եու.Սի.Էլ.Էյ.» համալսարանին մէջ խումբ մը ուսանողներու հետ` իբրեւ Լոս Անճելըս կատարած այցելութեան մէկ մաս, սակայն տեսնելով իր խօսքին համար անոնց ընտրած վերնագիրը` անմիջապէս չեղեալ յայտարարած է հանդիպումը:

Ըստ անոր, ան հանդիպումը չեղեալ յայտարարած է ազրպէյճանական մամուլին մէջ յայտնուած քննադատութիւններէն առաջ, եւ իր այդ որոշումին մասին հաղորդուած է Ազրպէյճանի կառավարութեան:

«Խորագիրը չի ներկայացներ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը», ըսած է Ուորլիք:

 

Share this Article
CATEGORIES