Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Աննշան հարցերը խոշորացոյցով մի՛ դիտէք, ջանացէք պարզ ձեւով ընդունիլ պատահական իրադարձութիւն մը, առանց միտք պղտորելու:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ կասկածիք ձեր լսած մէկ տեղեկութեան, որ կը վերաբերի ձեզի մօտիկ անձի մը, վերապահութեամբ դիմեցէք հաւաստի աղբիւրի մը, կը հանգստանաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ուրախութիւնը պիտի ունենաք աւարտելու պարտականութիւն մը, որ երկար ատենէ ի վեր ձեր սեղանին վրայ կը սպասէր: Յաւելեալ աշխատանք մի՛ կատարէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ կը մտածէք արձակուրդի օրեր ունենալ, այժմէն պատրաստեցէք պէտք եղածը, որպէսզի կարենաք հանդարտ տրամադրութեամբ իրագործել ձեր պտոյտը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Խմբական աշխատանք մը պիտի կատարէք, եթէ ձեր շուրջինները նուազ տեղեկութիւն ունին իրենց կատարելիք աշխատանքէն, անոնց ցոյց տուէք իրենց կատարելիք աշխատանքը: Համբերութեամբ կատարեցէք այս պարտականութիւնը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Գործի նոր պատեհութիւն մը դիմակալելու առիթ պիտի ունենաք: Եթէ ձեր գիտութեան համապատասխան չէ, ազնուութեամբ մերժեցէք: Կեդրոնացէք ձեր աշխատանքին վրայ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ հրաւիրուիք ուրախ առիթի մը շնորհաւորական հանդիպումի, ձեր կատարելիք նուէրը թող ըլլայ պարզ: Լաւագոյնը փունջ մը ծաղիկ կրնայ ըլլալ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ ծնողք էք, ձեր զաւակներուն դաստիարակութեան հսկեցէք համբերատարութեամբ: Անոնց պահանջները կատարեցէք, եթէ խոստում տուած էք: Երեխաները չեն մոռնար խոստացուածը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր կարողութեան սահմանէն դուրս մի՛ ելլէք: Կատարեցէք ձեր գիտցածը` առանց հետեւելու կամ ընդօրինակել ուզելու ուրիշին ըրածը: Օրը կ՛օգնէ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կարեւորութիւն մի՛ տաք այնպիսի մարդոց, որոնք չեն կրնար զանազանել բարին չարէն, կեղծը անկեղծէն: Հեռու կեցէք ինքնահաւան անձերէ առանց աղմուկի:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր նախասիրութիւնները կրնաք իրագործել առանց աճապարելու: Նոյն օրը կարելիութիւն չէք կրնար ունենալ բազմատեսակ փափաքներ իրականացնելու: Խոհեմ եղէք, կը յաջողիք իմաստութեամբ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ գումար մը պարտական էք, առանց ուշանալու վերադարձուցէք զայն: Եթէ ուրիշ մը ձեզի պարտական է եւ ուշացած է վճարելու, պահանջեցէք` առանց վհատելու կամ յետաձգելու:

