50 Տարի Առաջ (19 Մայիս 1964)

Ազգային Կիլիկեան Վարժարանի
Մայրերու Տօնակատարութեան Հանդէսը

Յ. Գեղարդի Գեղեցիկ Ճառը

Կիրակի, 3  մայիս 1964, կէսօրէ ետք ժամը 5:30-ին, Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան թատերասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Գարեգին եպս. Սարգիսեանի տեղի ունեցաւ Ազգ. Կիլիկեան վարժարանի «Մայրերու օր»-ուան տօնակատարութեան հանդէսը:

Հրաւիրեալներու հոծ բազմութեամբ մը սրահը լեցուած էր: Վարժարանի տնօրէնուհին` Պ. Մանուկեան կատարեց հանդէսին բացումը եւ յայտնեց, թէ օրուան տօնակատարութեամբ կ՛ուզեն յանձնուած աշակերտութեան մտքին հետ մշակել նաեւ հոգին, արթնցնել անոնց սրտին մէջ ծնողասիրական ազնիւ զգացումը, սորվեցնել անոնց, թէ իրենց ծնողքին նկատմամբ յարգանքի եւ երախտագիտութեան տուրք մը ունին:

Յարգելի տնօրէնին խօսքերէն ետք, յայտագրի համաձայն, Ն. Ֆրունճեանի ղեկավարութեամբ ներդաշնակօրէն երգուեցան չորս խմբերգներ: Քարմեն Վարժապետեան զգայուն կերպով մեներգեց «Երազ»-ը: Ապրումով արտասանեցին Վերգին Կէօքփանոսեան` «Մօր նամակը» (Ազատ Վշտունի), Անի Քէքլիկեան` «Մօրս» (Յովհաննէս Շիրազ), Յարութիւն Պէրպէրեան` «Պանդուխտ» հայ մայրերին» (Շիրազ): Ս. Ազնաւորեանի պատրաստած ռուսական եւ հայկական պարերը, գունագեղ լոյսերու տակ, հիացում պատճառեցին դիտողներուն եւ «պիզերու» արժանացան: Գնահատելի էր մեծ յաջողութեամբ արտասանուած «Վ. Թրթռեանի համադրած «Եկեղեցւոյ փառքը» խմբական արտասանութիւնը, եւ ինքնատիպ` մոգական լապտերով ցուցադրուած հեղինակներու պատկերներով:

Օրուան բանախօս հրաւիրուած էր յարգելի տոքթ. Յ. Գազանճեան (Գեղարդ), որուն խնամուած ու շահեկան բանախօսութեան ամփոփումը կու տանք ստորեւ.

Ամէն գիտակից մարդ, ամէն «հալալ կաթ» ծծած որդի, կը զգայ օր մը անպայման, թէ ինք որքան ալ «քաղցր», այսուհանդերձ, բաւական ծանր բեռ մը, եթէ կ՛ուզէք, խաչ մը եղած է մօրը թիկունքին: Ու որքան ալ փոքր տարիքին խիստ գտած ըլլայ անոր սաստերն ու կշտամբանքները, որքան ալ գնահատած չըլլայ անոր գուրգուրանքներուն եւ խնամքներուն արժէքը, կու գայ օրը, երբ կը գիտակցի անոնց բովանդակ արժէքին, երախտագիտութեամբ մղկտացնող հով մը կ՛ուռեցնէ իր հոգին եւ կը փնտռէ անոր ոտնահետքերը կեանքի ճամբուն վրայ, ծնրադրելու եւ համբուրելու համար զայն:

Մարդոցմէ առաջ Աստուած տուաւ արդէն մայրը մեծարելու օրինակը: Յովհաննէս աւետարանիչ կը վկայէ, որ Յիսուս խաչին գամուած` վերջին անգամ կանչեց Աստուածամայրը: Ուրախութեան մէջ չէ, որ մարդ իր ամէնէն հարազատը կը փնտռէ, այլ ցաւի ու տառապանքի մէջ կը դիմէ այն մէկուն, որուն հանդէպ բացարձակ սէր ու վստահութիւն ունի:

Մայր ըլլալու առաջին եւ տոկուն բնորոշումն է զաւակ ունենալը: Այսինքն` դառնալ ընդունարանն ու մեկնակէտը նոր կեանքի մը, հանդիսանալ աղբիւրը կեանքի գոյատեւման: Մայր մը մայր կը դառնայ մանաւանդ այն ատեն, երբ կը մարմնաւորէ անհուն սէրը, որուն ստորոգելիներն են` անձնուրացութիւն, անձնազոհութիւն, նուիրում, անյիշաչարութիւն եւ բարութիւնը` իր բոլոր մանրամասնութիւններով: Մայր մը լրիւ եւ իսկական մայր է այն ատեն, երբ մի միայն իր միսերուն մէջ կրէ իր զաւակը, այլ` իր հոգիին մէջ եւս եւ իր օրինակովը կը ծաղկեցնէ անոր մէջ իր առաւելագոյն չափով մարդը, մարդու արժանիքները:

Մայր մը յանձնառու պէտք է ըլլայ մեծ զոհողութիւններու, սանձ պիտի դնէ իր հաճոյքներուն, սահմանափակէ իր ժամանցները, որպէսզի առաւելագոյն ժամանակը տրամադրէ զաւկի կրթութեան: Պիտի զեղչէ իր հագուստ կապուստէն, նոյնիսկ` իր հացէն, առաւելագոյն չափով գոհացնելու համար զաւկին կամ զաւակներուն պահանջները: Որովհետեւ ճշմարիտ կրթութիւնը օրինակ տալն է: Կեանքի ընթացքին երբեմն զաւակներ վարձահատոյց չեն ըլլար իրենց մօրը հանդէպ, սակայն հոս է արդէն մօր մը սրտին վեհութիւնը, աստուածային մոռացումը, որ անյիշաչարութիւն կը կոչուի: Տագնապի մը պահուն եթէ նոյնիսկ անիծէ իր որդին, սրտին մէջ սէր ունի միշտ անոր հանդէպ: Մայր մը իր պարտականութեանց ու պարտաւորութեանց ճամբուն վրայ լծակից ունի իր ամուսինը:

Շատ անգամ մօր մը թերացումներուն գլխաւոր պատասխանատուն ամուսինը կը հանդիսանայ իր վերաբերումի պակասով, մոլութիւններով եւ անտեսումներով: Բայց ի՛նչ որ ալ ըլլան երկու ամուսիններու փոխյարաբերութիւնները, հարկ է նշել, որ այրը ծածքն է տանիքին եւ տունին, իսկ մայրը` հիմքը:

Այսօրուան պատուին արժանի չեն այն մայրերը, որոնք չեն ուզեր հրաժարիլ իրենց հաճոյքներէն. գեղեցկագիտական նպատակներով կը զլանան կաթ տալ իրենց կուրծքէն իրենց զաւկին: Փոխանակ գիշերը հսկելու անոր օրօրոցին` կը յանձնեն օտար աղախինի մը քմայքին ու իրենք կը զուարճանան հաճոյքներու մէջ: Մեր յարգանքը կ՛աճի ու կ՛ուռճանայ հանդէպ այն մայրերուն, որոնք ոչ միայն կը ստանձնեն տանտիկինին, մօր պարտականութիւնները լիովին, այլ` միաժամանակ, երբ հարկը պահանջէ, իրենց աշխատանքը կը միացնեն ամուսնի աշխատանքին իրենց զաւակներու բարօրութեան համար:

Այս առթիւ մեր անհուն երախտագիտութիւնը կը յայտնենք հայ մօր, որ պատմութեան ընթացքին չէ շեղած իր կոչումէն: Ջարդի եւ գաղթի մէջ իր ամուսինը կորսնցուցած հայ մայրը, եղած է միաժամանակ հայրը իր զաւկին, պատուով աշխատելով ճարած է անոր հացը եւ անապատի աւազներուն վրայ սորվեցուցած է անոր հայկական այբուբենը:

Մայրութիւնը բնութեան պահանջն է կնոջ մէջ: Անոր դէմ մաքառիլ` կը նշանակէ թիավարել հոսանքն ի վեր: Մայրանալով է, որ կին մը կը հասնի ֆիզիքական եւ հոգեկան լրումին: Մայրանալով է, որ կին մը կ՛արժանանայ ամուսնոյն, մնայուն սիրոյն: Մայր ըլլալով է, որ վաղանցիկ հաճոյքը կը վերածուի մնայուն բերկրանքի»:

Հանդէսի վերջաւորութեան բեմ հրաւիրուեցաւ սրբազան հայրը, որ իբրեւ փակման խօսք` հետեւեալը խօսեցաւ. «Տունը տաճար մըն է, որուն խնկարկու քահանան մայրն է: Մայրութեան գաղափարը այնքա՞ն սուրբ է մեր ժողովուրդին մէջ, որ իր սրտին ամենաշատ մօտիկ եղող բաները կոչած է մա՜յր բառով` «մայր հայրենիք», «մայր Հայաստան», «մայր եկեղեցի»: Մայրութեան գաղափարը սիրոյ մէջ կը կայանայ, ո՛չ գուրգուրանքի: Սէրը ինքնին զրկանք կը պարտադրէ: Մայրեր պէտք է զրկուին իրենց հաճոյքներէն, իրենց վայելքներէն` իրենց զաւակներուն սիրոյն, որովհետեւ զաւակ մը կրթելը ազգ մը կրթել է: Փառքը մեր մայրերուն. պատիւը մեր երիտասարդ մայրերուն, իսկ ապագան` մեր գալիք մայրերուն:

Սրբազան հօր օրհնութեան աղօթքով հանդէսը փակուեցաւ:

ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍ

 

Share this Article
CATEGORIES