Փիւյոլ. «Եթէ Ֆութպոլիստի Արհեստավարժ Ասպարէզս Աւարտեմ, Մարզիչ Պիտի Չըլլամ»
Պարսելոնայի վեթերան յետսապահ եւ խմբապետ Քարլես Փիւյոլ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ երբ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտէ, երբեք չի մտածեր մարզիչի պաշտօն ստանձնելու մասին:
«Ներկայ հանգրուանին կը մտածեմ, որ ծունկի ստացած վնասուածքս ապաքինի, որմէ ետք հանգիստ պիտի ընեմ քիչ մը: Ապագայիս մասին պիտի յայտարարեմ աւելի ուշ: Կրնայ պատահիլ, որ փոխեմ միտքս, սակայն ներկայիս այդ պաշտօնով երբեք չեմ հետաքրքրուած, ինչ կը վերաբերի «Լա լիկա»-ի 38-րդ եւ վերջին հանգրուանին, Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ կատարուելիք մրցումին պիտի հետեւիմ թրիպիւնէն», ըսաւ Փիւյոլ:
CATEGORIES Մարզական

