Մալական Մնաց Առանց Մարզիչի
«ԱՍ» պարբերաթերթին համաձայն, «Լա Լիկա»-ի կազմերէն Մալակա երէկ խզեց իր պայմանագրութիւնը ակումբի մարզիչ Պեռնտ Շուսթըրի հետ` տարեշրջանին աւարտէն քանի մը օր առաջ:
Հակառակ անոր որ Շուսթըր հինգ տարուան պայմանագիր մը ստորագրած էր իր կազմին հետ, սակայն ըստ երկու կողմերուն միջեւ կնքուած պայմանագիրին, եթէ խումբը 10-րդ դիրքէն վար յայտնուէր, գերմանացին պիտի հրաժարէր պայմանագրութիւնը չեղեալ պիտի սեպուէր:
Այդպէս ալ պատահեցաւ եւ ախոյեանութեան վերջին հանգրուանին նախօրեակին Մալակա մնաց առանց մարզիչի, որովհետեւ խումբը կը գտնուէր 13-րդ դիրքին վրայ:
CATEGORIES Մարզական

