Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես 2 – 0 Արդիւնքով Գերազանցեց Ամշիթը
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին Ամշիթի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Ամշիթ-Սաժես երկրորդ մրցումը:
Ինչպէս ծանօթ է, առաջին մրցումին Սաժես Ղազիրի իր դաշտին վրայ 106-83 արդիւնքով յաղթեց Ամշիթի:
Երէկուան այս ճակատումը դարձեալ աւարտեցաւ Սաժեսի յաղթանակով` 96-88 արդիւնքով (19-21, 39-37, 54-65 եւ 88-96):
Սաժեսի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տուարիք Սփենսըր` 35 կէտ: Անոր խմբակից Քրիս Տանիելզ նշանակեց 22 կէտ եւ 14 ռիպաունտ:
Իսկ Ամշիթէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ալի Թրաորէ` 31 կէտ: Ֆատի Խաթիպ նշանակեց միայն 12 կէտ:
Երկու կազմերուն միջեւ երրորդ ճակատումը տեղի կ՛ունենայ վաղը, յետմիջօրէի ժամը 16:30-ին, Ղազիրի դաշտին վրայ:
Ինչ կը վերաբերի «ֆայնըլ-ֆոր»-ի երկրորդ ճակատումին, այսօր Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի Պէյրութ կը հիւրընկալէ Պիպլոսը: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 16:15-ին:
Երկու խումբերուն միջեւ երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի օր, երբ երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Պիպլոս պիտի հիւրընկալէ Ռիատին:
Ամշիթ – Սաժես երէկուան մրցումէն
Եւրոպական Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք.
Այսօր` Գերմանիոյ Եւ Անգլիոյ Աւարտական Մրցումները
Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի ճակատումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` շաբաթ, 17 մայիսին, երբ ժամը 21:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) սկսի Պայէրն Միւնիխ – Պորուսիա Տորթմունտ ճակատումը:
Այսօր տեղի պիտի ունենայ նաեւ Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին աւարտականը` Արսենալի եւ Հալ Սիթիի միջեւ, ժամը 19:00-ին:

