Հեծելարշաւի Մրցում` Նուիրուած Վիգէն Զաքարեանի Յիշատակին
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հեծելարշաւի յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, կիրակի, 11 մայիսի առաւօտեան ժամը 8:30-ին, Տըպպայէի Լա Մարինա շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան ազատամարտի լիբանանահայ նահատակ, ՀՄԸՄ-ական հեծելանւորդ Վիգէն Զաքարեանի յիշատակին հեծելարշաւի մրցում մը` ներկայութեամբ Վիգէն Զաքարեանի մօր եւ քրոջ, հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, հեծելարշաւի յանձնախումբին եւ մեծ թիւով մասնակիցներու:
Ներկաները ողջունեց Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ Նազօ Հապիպեան, որ նշեց, թէ այս մրցումը նուիրուած է նահատակ ՀՄԸՄ-ական հեծելանւորդ Վիգէն Զաքարեանի յիշատակին: Մրցումին մեկնարկը տուաւ ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան, որմէ ետք ընթացք առաւ մրցումը` մասնակցութեամբ 63 հեծելանւորդներու` 3 տարբեր բաժանումներով. պատանիներ եւ վեթերաններ` 60 քմ երկարութեամբ, իսկ արհեստավարժ հեծելանւորդներ` 90 քմ երկարութեամբ:
Մրցումին հսկեցին Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի անդամները: Ներքին ապահովութեան ուժերը, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան կարմիր խաչը:
Մրցումի աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն: Դափնեկիրներուն բաժակները յանձնեցին Վիգէն Զաքարեանի մայրն ու քոյրը եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեան:
Պէտք է նշել, որ պատանիներու մրցումին առաջին երկու դիրքերը գրաւեցին ՀՄԸՄ-ական Բեկոր Եագուպեան եւ Յակոբ Մաթոյեան:

