Լիբանանահայ Եւ Ջաւախահայ Պատանիներուն Կապին Ընդմէջէն

Հայ դատի աշխատանքներու ծաւալումի ծիրէն ներս, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ՋԱՀ յանձնախումբը կազմակերպեց ջաւախքեան շաբաթ, որուն ընթացքին լիբանանահայութիւնը իրազեկ դարձաւ Ջաւախքի այսօրուան իրավիճակին ու ծանօթացաւ անոր քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային հարցերուն`դասախօսական հանդիպումներու միջոցով:

Հայ աշակերտը անմասն չմնաց ծանօթացումի այս առիթէն. աւելի՛ն. ան հաղորդակից եղաւ այս բոլորին իր վարժարանին մէջ, հայոց պատմութեան պահերուն իրեն տարեկից ջաւախահայ պատանիներու ներկայութեան արծարծելով Ջաւախքի ու ջաւախահայութեան դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները ու փոխանակելով կարծիքներ ու առաջարկներ:

Այս հանդիպումներէն օրեր անց,  լիբանանահայ ու  ջաւախահայ պատանիները արդէն ստեղծած են կապեր ու իրենց հարազատ ու շօշափելի շփումը արմատ նետած է անոնց հոգիներուն մէջ: Ահաւասիկ` այս մթնոլորտն ու անոր շահեկան անդրադարձին ակնարկող  գրութիւններ:

Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան
Ճեմարանի Աշակերտներ

Հինգշաբթի, 3 ապրիլ 2014 էր:

1905photo-5Ամբողջ դասարանով ոգեւորուած կը սպասէինք «անոնց» ժամանումին: Մեր հայոց պատմութեան ուսուցչուհին մեզ տեղեկացուցած էր, թէ երբ «գան», պիտի ծանօթանանք իրարու եւ ճաշէն ետք մեծ սրահին մէջ «անոնք» հանդէս պիտի գան պարերով: Այսքանը գիտէինք այս օրուան մասին: Անորոշ տրամադրութիւն մը կը տիրէր մեր հոգիներուն մէջ… «Ջաւախք» անունը բազմիցս լսած էինք, սակայն բնաւ չէինք տեսած ջաւախահայ մը, այն ալ` մեր տարիքին:

Առաջին երկու պահերը  անհամբերութեամբ աւարտելէ ետք, զբօսանքին վերջապէս տեսանք «զիրենք», սակայն ոչ մէկ բառ փոխանակեցինք, որովհետեւ ժամանակը կարճ էր ամչկոտութիւնը վերցնելու համար թէ՛ մեր եւ թէ՛ իրենց մէջէն:

Երբ վերստին դասարան բարձրացանք, մեր հայոց պատմութեան ուսուցչուհին դասարան մտաւ ու տեղեկութիւններ փոխանցեց Ջաւախքի եւ ջաւախահայերուն մասին: Շատ ժամանակ չանցած` դուռը զարնուեցաւ, եւ ներս մտան տասնեակ մը տղաք ու աղջիկներ: Անոնց կարմիր այտերը ցոյց կու տային, թէ անոնք աշխուժ, կայտառ, առողջ ու չարաճճի պատանիներ էին:

Ծանօթացանք անոնց ապրելակերպին ու հասկցանք անոնց աշխուժութեան պատճառը` անոնք մեզի պէս չեն ծանրաբեռնուած դասերով ու կ՛ապրին իրենց հայրենի հողին վրայ` բնութեան գիրկը:

Օրը անցաւ շատ հանգիստ ու խանդավառ: Անոնց պարուսոյցը մեզի սորվեցուց քանի մը շարժումներ: Բաւական ընտելացած էինք այդ մթնոլորտին, երբ հասաւ բաժանման ժամը…

Ջաւախքը տակաւին մեծ կարիքներ ունի, որպէսզի աւելի կանգուն մնայ Վրաստանի` օտար երկրի տիրապետութեան տակ, որ առիթը չի փախցներ հայերը հեռացնելու համար այդ դրախտէն, ուր բազմաթիւ պատմութիւններ կան կապուած հայ ժողովուրդին եւ հայկական արժէքներուն: Ամբողջ աշխարհի հայութիւնը պէտք է իր ներդրումը ունենայ Ջաւախքի պահպանման ու անոր` Հայաստանի միացման համար:

Տէ՛ր կանգնինք Ջաւախքին: Տէ՛ր կանգնինք, որպէսզի դարձեալ վայելենք անոր հայորդիները, տէր կանգնինք, որպէսզի չկորսնցնենք մեր դրախտավայրը:

ՄԱՆԷ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ
Թ2 դասարան

 

Ջաւախքը մեզի անծանօթ էր մինչեւ հինգշաբթի, 3 ապրիլ 2014, երբ հայոց պատմութեան պահուն Վրաստանի սահմաններէն դուրս ելած ջաւախահայ պատանիներուն հետ հանդիպում մը ունեցանք:

Տարօրինակ էր հանդիպումը, թէ՛ մեզ միացնող շատ բաներ գտանք, թէ՛ իրարմէ տարբեր էինք շատ բաներու մէջ:

Մեր հիւրերը Ջաւախքի «Գոհանամք» եւ «Հայք» երգի-պարի համոյթի անդամներ էին: Մելինէն բացումը կատարեց մեր հանդիպումին «Զարթիր լաօ»-էն կտոր մը երգելով: Քիչ անց արդէն ծանօթացեր էինք իրարու եւ ուղղուեցանք սրահ, ուր մեր հայրենակիցներուն պարուսոյցին ցուցմունքներուն հետեւելով` շուրջպար բռնեցինք: Ճաշէն ետք «Գարագաշեան» սրահին մէջ միասնաբար ներկայացուցինք գեղարուեստական յայտագիր մը:

Քանի մը ժամուան հաճելի հանդիպում մըն էր ասիկա, որ վստահաբար երկար ժամանակի մը համար պիտի դրոշմուի բոլորիս միտքերուն մէջ:

Այդ քանի մը ժամուան մեր մտերմութիւնը բաւարար եղաւ, որ մենք ձեռք-ձեռքի բռնած` պարենք ու կրկին հաստատենք, թէ մենք իրարմով կը զօրանանք:

Անոնք մեկնեցան մեր մէջ ձգելով Ջաւախքի նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն, սէր եւ կարօտ:Յուսանք, որ յառաջիկային ալ նոյնանման հանդիպումներ կազմակերպուին մեր հայրենակիցներուն հետ:

Յաջողութիւն կը մաղթենք մեր սիրելի ջաւախահայ քոյրերուն ու եղբայրներուն կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ:

ԱՐԻՆ ԹԱՇՃԵԱՆ
ՅԱԿՈԲ ԹԱՇՃԵԱՆ
ՔՐԻՍՏ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Թ1 դասարան

 

Վերջապէս հասաւ սպասուած օրը` հինգշաբթի, 3 ապրիլ 2014, արդէն քանի մը օր առաջ լսած էինք Ջաւախքէն ժամանած պատանիներու ու պարմանուհիներու մասին, որոնք մաս կը կազմեն «Գոհանամք» եւ «Հայք» երգի-պարի համոյթին: Բոլորս խանդավառութեամբ կը սպասէինք անոնց ժամանումին:

Հայոց պատմութեան դասապահուն սկիզբը, մենք` Թ. դասարանի աշակերտներս, սրտատրոփ եւ կրակի վրայ նստած էինք, երբ ներս մտան մեզի հասակակից տասը-տասներկու ջաւախահայեր, որոնք ամօթխած ու շուարած` իրենց շուրջը կը դիտէին: Հրաւիրեցինք զիրենք նստելու, քիչ մը հանգստացան: Ծանօթացանք իրարու եւ ապրելակերպի, կրթական համակարգի ու մշակոյթի մասին տեղեկութիւններ փոխանակեցինք: Այնքան մտերմիկ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ, որ չզգացինք ժամանակին թռչիլը:

Զբօսանքէն ետք ուղղուեցանք դէպի «Չալեան» սրահ, ուր Ջաւախքի մեր ընկերները մեզի սորվեցուցին հայկական շուրջպար մը: Բոլորս խադավառութեամբ պարեցինք ու ցատկռտեցինք: Ապա յոգնած` միասնաբար ճաշեցինք ու մեր հայրենիքին` Հայաստանին կենացը խմեցինք:

Ճաշէն ետք «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ միջնակարգի Է. եւ Ը. դասարաններու աշակերտներն ալ միացան մեզի եւ միասնաբար ներկայացուցինք գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին մեր դասընկերներէն Նարէ Աշգարեանը հանդէս եկաւ նուագով, Սէրուժ Յովսէփեանը` մենակատարութեամբ, իսկ Ը. դասարանէն Նանի Գալուստեան` սրինգով, Ռազմիկ Տէրունեանն ու Հայկ Աւետիսը` ասմունքով: Ջաւախքի մեր ընկերները երկու պարեր ներկայացուցին, ապա ձեռք-ձեռքի շուրջպարէ մը ետք մեծ տխրութեամբ հրաժեշտ տուինք իրարու:

Այս փոքրիկ հանդիպումը մեզի առիթը  ընծայեց ծանօթանալու մեր հայրենակիցներուն եւ նոր ընկերներ ունենալու: Որքա՜ն ուրախ ժամանակ անցուցինք միասնաբար: Մեր նոր ընկերները իրենց յաջորդ Լիբանան այցելութեան կրնան վստահ ըլլալ, որ այստեղ ունին զիրենք շատ սիրող եւ հիւրընկալող հասակակիցներ: Եւ, ինչո՞ւ չէ, յուսանք, որ օր մը մենք կ՛այցելենք Ջաւախք…

ԱՐԵՆԻ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
Թ2. դասարան

Ջաւախահայերը` Իրենց
Այցելութեան Մասին

Ես Մելինէ Օվակեանն եմ: Ես այս մի քանի օրերի ընթացքում, որ անցկացրել ենք Լիբանանում` Պէյրութում, շատ դրական լիցքեր եմ ստացել:

Շատ դպրոցներ գնացինք, երեխէքը շատ մտերիմ էին: Շատ շուտ ծանօթացանք, մտերմացանք, պատմում էինք իրար մեր առօրեայի մասին: Իմ դուրը եկաւ աւելի շատ նրանց անկեղծութիւնը: Նրանց մէջ կարծես մի բան հոգեհարազատ էր ինձ:

Ես շատ սիրեցի Լիբանանը եւ լիբանանահայերին, չնայած շատ կ՛ուզէի, որ բոլորս էլ Հայաստանում ապրէինք:

Մեր օրերը անցկացնում էնք տարբեր անձանց հետ. ես շատ սիրեցի նրանց եւ յուսով եմ` նրանք էլ ինձ: Չեմ մոռանայ նրանց երբեք: Այնքան սիրեցինք միմեանց, որ հրաժեշտի պահին յուզուեցինք հարազատների նման: Շնորհակալ եմ այս ծրագիրը իրականացնողին եւ հիւրընկալողներին:

 ***

Ապրիլի 1-ից մինչեւ ապրիլի 8-ը եղայ Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութում:

Ես` Մարգարիտ Խանախեանս որպէս պարի խմբի անդամ մասնակցեցի, որ շատ լաւ տպաւորութիւն  թողեց տեղի հանդիսատեսին:

Խորին շնորհակալութիւն եմ յայտնում տեղի հայ համայնքին, որ ջանք եւ եռանդ չխնայեց խմբի սաների հանդէպ: Ես կեանքում չեմ մոռանայ նրանց վերաբերմունքը ու իմ խորին շնորհակալութիւնն եմ յայտնում Լիբանանում մեզ դիմաւորողներին:

***

Ես Քիշմիշ Պալոյեանն եմ: Ես շատ սիրեցի Լիբանանը: Այնտեղ օրերը շատ ուրախ էին անցնում: Մենք շրջեցինք բոլոր դպրոցները: Երեխաների մէջ ինձ ամէնից շատ դուր եկաւ նրանց միանման հագնուելը եւ նրանց բնաւորութիւնը: Մենք շատ տեղեր գնացինք, բոլոր վայրերն էլ եղանք, բայց ամէնից գեղեցիկ վայրը Այնճարն էր: Այնտեղի բնութիւնը շատ գեղեցիկ էր: Ես շատ սիրեցի լիբանանահայերին, նրանց մէջ կարօտ կար դէպի հայրենիք: Ես երբեք չեմ մոռանայ նրանց աչքերի կարօտը, կարծես ամբողջ մի կեանք ճանաչել ենք միմեանց: Շնորհակալ եմ բոլորից շա՜տ շա՛տ` մեզ հիւրընկալելու ու ամէն րոպէ մեր կողքին անցկացնելու համար:

***

Ես Անի Խանափանեանն եմ: Ես ուրախ եմ, որ եկել էի Լիբանան: Շատ հաճելի էր ձեր հետ ծանօթանալ, եւ շատ սիրեցինք Այնճարը: Շատ գեղեցիկ էր բնութիւնը, եւ այնտեղ մենք ելոյթ ունեցանք: Մենք այցելեցինք տարբեր դպրոցներ, շատ հաճելի էր այնտեղ: Աշակերտների հետ խաղեր կազմակերպեցինք, Լիբանանում մենք եղանք Հարիսա, այցելեցնք Արամ Ա. կաթողիկոսին: Վերջին օրերին մենք ելոյթ ունեցանք, սիրուեցինք հայ համայնքի կողմից: Համերգներից յետոյ մենք գնացինք Միջերկրական ծով, այնտեղ անցկացրեցինք շատ հաճելի րոպէներ, եւ այնտեղից վերադարձանք Ջաւախք:

***

Ապրիլի 1-ից մինչ ապրիլի 8-ը ընկած ժամանակահատուածը անցկացրեցինք Լիբանանում` Պէյրութում:

Հեռու լինելով հայրենիքից, մենք մեզ զգում էինք հայրենիքում` շրջապատուած լինելով բազմաթիւ հայերով:

Փոխանակելով գիտելիքները եւ բազմամեայ փորձը` երգը, պարը տարածեցինք, այսինքն` հայկական մշակոյթը:

Հանդիսանալով խմբի ղեկավար` խորին տպաւորութիւններով վերադարձայ հայրենիք: Կը ցանկանայի, որ սա շարունակական բնոյթ կրէր, որ հայկական մշակոյթը տարածուէր ամբողջ աշխարհով:

Շնորհակալութիւն եմ յայտնում բոլորին` կազմակերպիչներին, Լիբանանի հայութեանը եւ այդ նախագիծին աջակցողներին:

Յարգանքներով` Նասլեթ Քէեան

***

Լիբանանի մասին իմ տպաւորութիւնները շատ մեծ են: Առաջին մեծ տպաւորութիւնս այն էր, որ մենք գնացինք Այնճար: Այնճարում շատ գեղեցիկ էր բնութիւնը եւ այնտեղ հայ համայնքը շատ բարի էր: Այնճարում ունեցանք համերգ: Հիանալի օրերից մէկն այն էր, որ եղանք հայկական դպրոցներում: Դպրոցներում մենք ծանօթացանք աշակերտների հետ եւ միասին կազմակերպեցինք խաղեր:

ՍօսՊապոյեան

ՋԱՀ-ը Հանդիսացաւ
Ջաւախք-Լիբանանահայութիւն
Գործակցութեան Ջահակիրը

Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան յանձնախումբին ճիգերով, անցնող շաբաթներուն լիբանանահայութիւնը մեծ ուրախութեամբ հիւրընկալեց Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համակարգող Արտակ Գաբրիէլեանն ու Ջաւախքի «Գոհանամք» եւ «Հայք» երգ ու պարի համոյթները: Իր բնոյթին մէջ եզակի եւ իւրայատուկ այս նախաձեռնութիւնը մեծապէս գնահատելի է, որ կը նպաստէ նորահաս սերունդներու ազգային դաստիարակութեան:

Այսօր Ջաւախքի հարցը համահայկական օրակարգի վրայ գտնուող խնդիրներէն մէկն է, եւ սփիւռքահայութիւնը հարցը դիմակալելու համար նախ եւ առաջ լաւապէս պէտք է ճանչնայ Մեծ Հայքի հիւսիսը գտնուող Գուգարքի ինը գաւառներէն Ջաւախքի պատմաքաղաքական իրավիճակը, այսօրուան պայմաններն ու դժուարութիւնները, որպէսզի կարենայ յաղթահարել մարտահրաւէրները: Նշեալ շրջագիծին մէջ ՋԱՀ-ի այս ծրագիրը էապէս ծառայեց իր նպատակին եւ ճամբան բացաւ նոր ծրագիրներու եւ իրագործումներու:

Այստեղ, յատուկ կերպով գնահատելի է հիւրերուն լիբանանահայ վարժարաններ կատարած օգտաշատ այցելութիւնները, որոնց ճամբով ստեղծուեցան ջաւախահայ պատանիներ- լիբանանահայ աշակերտներ ծանօթացման շարժառիթներ:

Ջաւախքցիները իրենց ամուր նկարագիրով, ազգային կառչուածութեամբ եւ գեղարուեստով ոգեւորեցին ու հմայք պատճառեցին լիբանանահայութեան:

Վարձքը կատար բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան այս ազգանուէր ծրագիրին յաջողութեան: Կը մնայ, որ ՋԱՀ-ի ջահակրութեան սկիզբ առած աշխատանքը շարունակուի, ընդարձակուի եւ մնայուն գործի վերածուի…

ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան
բարձրագոյն վարժարանի ուսուցչի

Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Աշակերտներ.

Անմոռանալի Պահ Մը
Ջաւախքցի Պատանիներու Հետ

Ուրբաթ առաւօտ էր, մեր սովորական դասընթացքը կը շարունակէինք, երբ լսեցինք, թէ քոլեճ պիտի այցելեն Ջաւախքէն խումբ մը պատանիներ: Լուրը խանդավառեց մեր օրը, եւ երբ ժամը հասաւ, անհամբերութեամբ եւ լարուած հետաքրքրութեամբ ուղղուեցանք սրահ` հանդիպելու անոնց: Տնօրէնը դիմաւորեց զանոնք եւ գեղարուեստական յայտագիրով մը մեր դպրոցի աշակերտները ներկայացուցին հայկական երգեր, պարեր եւ արտասանութիւններ: Մթնոլորտը բաւական խանդավառ էր, եւ երբ ջաւախքցի պարուսոյցը ուրախութիւն յայտնելով` պարի հրաւիրեց աշակերտութիւնը, զարմանալիօրէն մեծ թիւով աշակերտներ ընդառաջեցին հրաւէրին եւ քայլ առ քայլ սկսան սորվիլ ջաւախեան շուրջպարը: Ջաւախքցի պատանիները ոգեւորութեամբ ընկերացան աշակերտութեան եւ սորվեցուցին պարը, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց, կարծես իրենց հայրենի կարօտը կը փորձէին յագեցնել այդ պարզ ու ճոխ պարով: Բաւական պարելէ ետք կարգը հասած էր Ջաւախքէն ժամանած պարախումբին: Մեզի արդէն մտերմացած պատանիները կոկիկ շարքերով կանգնեցան, եւ երբ երաժշտութիւնը սկսաւ, հրաշալիօրէն սկսան պարել Կարնոյ առնական քոչարին: Անոնց ոտքի եւ ուսի հաստատ շարժումները տպաւորեցին մեզ, իսկ մենք մեր աչքերը լայն բացած, կը հետեւէինք պարին` փորձելով չփախցնել որեւէ ակնթարթ:

Շատ հաճելի ժամեր անցուցինք ջաւախքցի մեր տարեկիցներուն հետ: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ՋԱՀ յանձնախումբին, որ մեզի առիթը ընծայեց այսպիսի շփում ունենալու եւ գեղեցիկ պահեր անցընելու ջաւախքցի պատանիներու հետ:

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի
Աշակերտներ

Ջաւախքի հայ պատանիները օրինակելի հայու տպաւորութիւնը ձգեցին իմ վրաս, որովհետեւ թէեւ անոնք շատ դժուարութիւններէ անցած են հայ մնալու համար, սակայն տակաւին կը պայքարին յաղթահարելու համար այդ դժուարութիւնները:

ԿԱՐՕ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

 

Ջաւախքցիներուն հետ ունեցած հանդիպումը եկաւ ինծի ըսելու մէկ բան, որ անոնք կ՛ապրին դժուար պայմաններու տակ` ենթարկուելով զանազան տեսակի հալածանքներու: Սակայն այս բոլորով հանդերձ, անոնք կը յաճախեն հայկական վարժարան` պահելու համար իրենց հայութիւնը:

ՄՈՒՇԵՂ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

 

Երէկ մեր վարժարանը այցելեցին Ջաւախքէն եկած ինծի տարեկից պատանիներ: Միասին խաղացինք, խօսեցանք ու մտերմացանք: Անոնք շատ մարդամօտ էին եւ ինքնավստահ: Ծանօթանալով իրենց երկրի իրավիճակին` կը փափաքիմ, որ օր մը իրենք ալ մեզի պէս ազատ անկախ ըլլան իրենց երկրին մէջ, եւ կը փափաքիմ, որ բոլորս տէր կանգնինք Ջաւախքին:

ԳԱՐԵՆ ԽԱՉԵՐԵԱՆ

 

Ջաւախքի հայեր մեծ տպաւորութիւն ձգեցին իմ վրաս. անոնց պատմածը, թէ ինչպէ՛ս կ՛ապրին Վրաստանի իշխանութեան տակ, նեղացուց բոլորս, որովհետեւ ոեւէ հայ պէտք չէ այդպէս ապրի, որ` արգիլուին անոր սորվելու հայոց պատմութիւնը ու հայկական սովորութիւնները:

Երբ պարեցինք, խնդացինք ու խաղացինք միասին, շատ մեծ ուրախութիւն էր, թէ՛ մեզի, թէ՛ Ջաւախքի պատանիներուն: Կ՛ուզենք, որ անգամ մը եւս այցելեն մեզի:

ՎԱՆԱՅ ՄԱՀՏԵՍԵԱՆ

 

Մեզմէ շատ աւելի ուրախ էին եւ աւելի ուրախացան, երբ ոտնագնդակ խաղացին մեր ոտնագնդակի դաշտին վրայ: Անոնց ուրախութիւնը ինծի ալ ուրախութիւն պատճառեց: Զգացի, որ անոնք չուզեցին բաժնուիլ մեզմէ, որովհետեւ շատ նեղուեցան, երբ իրենց պատասխանատուն կանչեց զիրենք:

ԿԻՐՕ ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ

 

Երկուշաբթի, 7 ապրիլ 2014-ին մեր դպրոցը այցելեցին Ջաւախքէն պատանիներ, որոնցմով շատ հետաքրքրուած էի: Ուզեցի ծանօթանալ անոնց եւ իրենցմէ տեղեկութիւն քաղել մեր հայրենիքին մասին: Շատ լաւ ժամանակ անցուցինք միասին: Անոնք իրենց առօրեայէն մեզի պատմեցին. անոնք հայասէր ու ազգասէր են:

ԵՍ շատ ուրախ մնացի այսպիսի պատանիներու ծանօթանալուս համար:

ԻՎԱՆԱ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

 

Հակառակ ջաւախքցիներուն դժուար պայմաններուն` անոնք շատ ուրախ կ՛երեւէին եւ շատ ընկերասէր ու մարդամօտ էին: Անոնք մեզի հետ խօսեցան ու տեղեկութիւններ տուին իրենց մասին: Անոնք շատ հետաքրքիր կ՛երեւէին: Ես շատ ուրախացայ, երբ տեսայ իմ հայրենիքէս ինծի պէս պատանիներ: Կը մաղթեմ, որ օր մը Ջաւախքը միանայ մեր հայրենիքին եւ ըլլանք միացեալ ժողովուրդ, միացեալ հայրենիքի մէջ:

ՃԵՖՐԻ ԱՏՐԵԱՆ ԺՈՒՄԷԵԱՆ

 

Երբ առաջին անգամ, այսինքն` սկիզբը, եկան մեր դպրոցը, այն զգացումը ունեցայ, որ անոնք օտար են, սակայն երբ քիչ մը մօտեցանք իրենց ու խօսելու եւ խաղալու սկսանք, այդ զգացումը վերացաւ: Այդ պահուն զգացի, որ անոնք որքան ընկերասէր են ու բարեսիրտ, որ Ջաւախքէն հոս եկած են մեզ տեսնելու: Մեզի մեծ պատիւ է, որովհետեւ միայն մեր դասարանին հետ էր հանդիպումը: Կը ցանկամ, որ օր մը ես ալ երթամ Ջաւախք եւ այցելեմ իրենց:

ԽԱԺԱԿ ԱՏՈՒՐ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES