Հայ Աւետարանական Թորոսեան Վարժարանի Շուշիի Ազատագրման 22-Ամեակի Տօնակատարութիւն

IMG_7325Շուշիի ազատագրութեան  22-րդ տարեդարձը յատուկ ձեւով նշուեցաւ Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարանի աշակերտութեան կողմէ: Տօնակատարութեան  իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ  Յակոբ  Գառնէշեան` «ՋԱՀ» յանձնախումբի ատենապետ եւ Ճորճ Գրիգորեան` Պուրճ Համուտի փոխ քաղաքապետ:

Վարժարանի ուսուցիչ Լենա Պօղոսեան  բացման խօսքին մէջ շեշտեց, թէ մեծ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ է, որ կը յիշենք Շուշիի ազատագրումը եւ մեր ազատամարտիկները: Սակայն հայ  ժողովուրդին աշխատանքը հոս կանգ չ՛առներ, այլ մինչեւ օրս կը շարունակուի, այնքան ատեն որ մեր արդար պահանջները տակաւին չեն իրականացած:

Յայտագիրը կը բաղկանար երկու մասէ,  արտաքին` վարժարանի շրջափակին մէջ  եւ ներքին` վարժարանի սրահին մէջ:

Առաջին բաժինով խօսք առաւ Յակոբ Գառնէշեան եւ աշակերտներուն ծանօթացուց «ՋԱՀ» յանձնախումբին գործունէութիւնները : «ՋԱՀ», որ կրճատումն է Ջաւախք,Արցախ եւ Հայաստան բառերուն, որոնք իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւեն: «Այսօր երկու կարեւոր առիթներ են, որոնք մեզ հոս կը համախմբեն: Առաջին` միասնաբար տօնելու Շուշիի ազատագրման 22-րդ տարեդարձը եւ, առ այդ, վարժարանի տնօրէն Սեդա Գարակէօզեանին կը յանձնենք անկախ Արցախի դրօշակը:Երկրորդ` մեր ազատամարտիկներուն յիշատակը յաւերժացնելու համար միասնաբար պիտի կատարենք ծառատնկում: Ծառատնկումը ինքնին կը պարունակէ երկու գլխաւոր կէտեր. նախ` բնութիւնը եւ անոր կարեւորութիւնը մեր շրջապատին, ինչպէս նաեւ` մեր հերոսներուն յիշատակը անմառ պահելու գաղափարը: Այսօրուան ծառատնկումը նուիրուած է մեր ազատամարտիկներէն  Աշոտ Ղուլեանի, որ ճանչցուած է «Բեկոր» անունով», յայտնեց ան: Ծառատնկումին ներկայ հիւրերու եւ վարժարանի տնօրէնուհիին կողքին, իրենց մասնակցութիւնը բերին Փաթիլ Ագպաշարեան`   առաջին եւ Գէորգ Գըճըլեան իններորդ դասարանի աշակերտներ:

«Ասացուածք ծառ տնկելու առթիւ» կտորը արտասանեց Սէրլի Այվազեանը, ապա վարժարանին պարախումբը հրամցուց երկու հայկական պարեր:

IMG_7355Երկրորդ բաժինով, լիբանանեան եւ հայկական զոյգ քայլերգներու յոտնկայս ունկընդրութենէ ետք, խօսք առաւ Ճորճ Գրիգորեան, որ շեշտը դրաւ այն կէտին վրայ, թէ Շուշիի ճակատամարտը միացուց ամբողջ հայութիւնը   եւ այդ իսկ պատճառով եղաւ ողջ հայութեան ճակատամարտը: Ան դիտել տուաւ, որ կատարուած ծառատնկումը կ՛ընդգրկէ երկու գլխաւոր իմաստներ: Առաջինը ցոյց կու տայ, թէ հայ ազգը ինքնին ծաղկեցնող եւ շէնցնող ազգ մըն է, ո՛ւր որ ալ գտնուի, երկրորդ` մենք մեր ազգային տօները պէտք չէ, որ միայն մէկ օրով նշենք, ինչպէս որ կը կատարենք մինչեւ օրս: Այս մէկը պէտք է որ փոփոխութեան ենթարկուի, մեր ազգային տօները պէտք է որ յիշուին ամէն օր, եւ մենք միշտ պէտք  է պայքարինք եւ  պահանջատէր  ըլլանք մեր իրաւունքներուն: Մեր այս գործին մէջ մեծ դեր ունի մեր այսօրուան տնկած ծառը, որ միշտ մեր հոգատարութեան կը կարօտի, որպէսզի աճի ու մեծնայ, եւ այս կատարելով` մեր սրտերուն ու մտքերուն մէջ միշտ վառ կը մնայ մեր ազատամարտիկներուն յիշատակը, ի մասնաւորի` Բեկորի յիշատակը, որուն նուիրուեցաւ ծառը: Խօսքը աշակերտներուն ուղղելով` Ճ. Գրիգորեան ըսաւ, որ եթէ այսօր մեր սրտերուն մէջ երախտագիտութեան զգացում  գոյութիւն ունի հանդէպ այն անձերուն, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին յանուն մեր հայրենիքին, ուրեմն մենք  պէտք է որ  պրպտենք ու կարդանք  անոնց մասին, որպէսզի անոնց վառած կրակը անմար մնայ իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ, եւ յաջորդող սերունդները շարունակեն անոնց սկսած ճանապարհը:

Ապա ներկաները դիտեցին երկու տեսերիզներ. առաջինը` Շուշիի ազատագրման եւ  ազատամարտիկ Բեկորի մասին, իսկ երկրորդը` «Գնա՛ ու կռուի՛ր»: Ապա վարժարանի աշակերտներէն Վարդան Մանուկեան կարդաց «Հայ մարտիկի նամակը»:

Յայտագրի աւարտին իւրաքանչիւր դասարան իր դաստիարակին աջակցութեամբ պատրաստեց օրուան յատուկ ձեռային աշխատանքը:Աշակերտները միասնաբար պատրաստեցին էջադիր մը, որ կը խորհրդանշէր օրուան ծառը եւ կը կրէր  հետեւեալ  գրութիւնը.  «Ելլենք` ցոյց  տանք ողջ աշխարհին, որ մահ չկայ հայոց ազգին»:

Յայտագիրը փակուեցաւ «Թող հնչեն զանգեր» երգով, որ ներկաները երգեցին միասնաբար:

Օրուան  յայտագիրը պատրաստուած էր ուսուցիչներուն եւ Լենա Պօղոսեանին ու Պարգեւ Սամուէլեանին կողմէ:

Share this Article
CATEGORIES