Մանկական Գրականութիւն. «Վարագին Դասընկերները» (Զանի Շ. Մեսրոպեան)

ՄԱՐԱԼ ՊԱՂՉԷՃԵԱՆ – ՂԱՐԻՊԵԱՆ 

varakin-tasengernereՏիգրան, Վարագ, Հայկ, Վարդան, Հրակ, Արի, Ռազմիկ, Լեւոն, Վահագն ու Աշոտ:

Լսեցէք որքան քաղցր կը հնչեն այս անունները, հայ անունները, ազնուական տղամարդու անունները: Գեղեցիկ են եւ հաճելի` լսելու, գրելու ու կանչելու, հաղորդական ու գրաւիչ բան մը ունին անոնք իրենց մէջ: Եւ պատմութիւն, հայոց պատմութիւն, անցեալ եւ փառաւոր ժառանգութիւն, դարերէ ի վեր հնչող Տիգրաններ, Վարդաններ, Վահագներ եւ Աշոտներ: Որքա՜ն հնաբոյր, նոյնքան այժմէական, որքա՜ն հարազատ, հայաբոյր եւ հիանալի, նաեւ` իմաստալից, պատգամ փոխանցող եւ հպարտանքի աղբիւր:

Ահա այս մեծարժէք եւ օգտակար աշխատանքը ուշադրութիւնս գրաւեց` «Վարագին դասընկերները» մանկական մատենաշարի 8-րդ թիւի ընթերցումէս ետք: Ձուլումի այս հսկայական ալիքներուն դիմաց, երբ իւրաքանչիւր երեխայի ծնունդին առիթով անհասկնալի քաոս մը կը տիրէ այլազան անուններու փնտռտուքով, Զանին մեզի շատ գեղեցիկ ձեւով ներկայացուցած է գեղեցիկ շարք մը հայկական առնական անձնանուններու, որոնց դիմաց կը ցանկաս երեխայ մըն ալ դուն ունենալ եւ այդպէս անուանել զայն… Տիգրան, Աշոտ, Վարագ…

 

Share this Article
CATEGORIES