Կրկին Լա Ֆոնթենի Պոչատ Աղուէսին Մասին*

Կեդրոնականցին պնդեց, որ համայնքային ժողովի մը երթանք: Գիտէ, որ սիրտը պիտի ցաւի, բայց ներկայ է հոն, ուր ազգային հարցեր կը քննեն:

Հոն էին հանգամանաւորներ` շինարարներ, ընկերութիւններու տնօրէններ, տնտեսագէտներ, , քաղաքագէտներ: «Բիզնես»-ի վերնախաւը:

Տիրական խօսք ունէին մարդիկ` ըստ քսակի եւ համբաւի: Ի՞նչ գործ ունի համբաւը, երբ ազգային հարց կը քննուի, անպատասխան մնացող հարցում է:

Խօսեցան դպրոցի եւ եկեղեցիի շէնքի մասին: Ան պէտք է ըլլայ մեծ, տպաւորիչ, որպէսզի համայնքը յարգելի ըլլայ շրջապատի աչքին: Դրամին համար պէտք է դիմել ասդին անդին: Արմենակ փսփսաց.

– Այդ խօսողները կը տեսնե՞ս: Իւրաքանչիւրը կրնայ դպրոցի կամ եկեղեցիի շինութիւնը ապահովել: Բայց կ’ըսեն, թէ պէտք է ասդին անդին դիմել, որպէսզի իրենք անհանգիստ չըլլան: Եւ շինարարութիւնը յանձնուի իրենց:

– Դեռ չհասկցա՞ր: Այդպէս կ’ըլլայ ղեկավարութիւնը,- փսփսացի ես ալ:

Ժողովը շարունակուեցաւ: Համայնքի տնտեսական բեռը թեթեւցնելու մասին (չ)իմաստուն խօսք ըսին: Ապագայ դպրոցին մէջ հայերէնը նպատակ պէտք չէ ըլլայ, յաջողակ գիտուն քաղաքացիներ պէտք է պատրաստել, որպէսզի մեր մասին դրական կարծիք կազմուի: Լսեցինք.

– Տեսէ՛ք` ես հայկական դպրոց չեմ գացած, հայերէն չեմ գիտեր, տունէն քիչ մը թրքերէն սորված եմ, բայց իմ ղեկավարած ընկերութիւնս հարիւրաւորներու գործ կը հայթայթէ եւ միլիոններու գործառնութիւն ունի:

Ուրիշ մը.

– Անդադար նամակ կը ղրկեն, որ հայերէն թերթին բաժանորդ ըլլամ: Ի՞նչ բանի համար է հայերէն թերթը: Հեռատեսիլէն եւ տեղական թերթերէն կը լսենք պէտք եղածը:

Ետ չմնալու համար տնտեսագէտ-վարչագէտ մը, որ պատիւ ըրած էր գալով, աւելի գործնական` առաջարկեց.

– Ես հայերէն թերթ չեմ կարդար: Կը զարմանամ, որ գրական կոչուած թերթ ալ կը հրատարակուի: Ինչո՞ւ, ո՞ր ընթերցողին համար: Զաւակներս ալ հայերէն պիտի չկարդան, աւելորդ տեղ գիր-գրականութիւն պէտք չէ հրատարակել, ծախս չընել: Այդ գումարներով կրնանք ընդունելութիւններ սարքել, որ օր մը հայ երեսփոխան, նախարար, կամ դիրքերու վրայ պաշտօնեաներ ունենանք, եւ ըսուի, որ հայերը խելացի են եւ լաւ քաղաքացի: Հայերէնի, հայ թերթի եւ հայ գրականութեան կարիք չկայ, ես հայերէն չեմ գիտեր:

Զգացի, որ Արմենակ բռունցքները կը սեղմէր, շրթները կը դողային:

– Արմենա՛կ, հանգի՛ստ, մի՛ յուզուիր, չեկած` գիտէիր,- ըսի փսփսալով:

Արմենակ եթէ չխօսէր, սրտի տագնապ կ’ունենար: Ձայն խնդրեց, եւ զիս զարմացուց իր հանդարտութեամբ:

– Դուք խելացի էք, ֆրանսական գրականութիւն գիտէք, կարդացած ըլլալու էք մեծ առակագիր-բանաստեղծ Ժան տը Լա Ֆոնթենի գիրքերը:

Կանգ առաւ: Ներկաները գոհունակութեամբ կը լսէին: Շարունակեց.

– Դուք գիտէք «Պոչատ աղուէս»-ին առակը: Աղուէսը իր պոչը կորսնցուցեր է թակարդ իյնալով եւ ազատելով: Ըսեր է իր ցեղակիցներուն, որ պոչը աւելորդ է, պէտք է կտրել: Դուք ալ հայերէնը կորսնցուցեր էք եւ կ’ուզէք, որ ձեզի պէս ըլլանք: Ասիկա հայերու ժողով չէ, պոչատներու ժողով է: Յաջողութիւն չեմ մաղթեր ձեզի: Դուք պիղատոսներ էք:

Արմենակ դէպի դուռը գնաց: Դառնալով դէպի սրահը` ըսաւ.

– Պոչատնե՛ր, առանց հայու:

Թաղերու մէջ խօսեցան «պոչատ»-ներու մասին, բայց թերթերը լուռ մնացին բաժանորդ չկորսնցնելու համար:

 

Մակար,
ի Գաղիա կամ ի Պերիտոն, 13 Մայիս 2014

* Le renard ayant la queue coupée, Jean de La Fontaine

 

Share this Article
CATEGORIES