Կենցաղային Հարցեր. Կարմիր Գինիին Առողջական Օգտակարութիւնը` «Չափազանցուած»

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985wineԿԸ ԹՈՒԻ, ԹԷ ԿԱՐՄԻՐ ԳԻՆԻՆ ԱՅՆՔԱՆ ԱԼ ՕԳՏԱԿԱՐ ՉԷ, ԻՆՉՊԷՍ ԿԸ ՅՈՒՍԱՅԻՆ ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱԾ ԵՆ ՈԳԵԼԻՑ ԸՄՊԵԼԻԻՆ ԱՅՆ ԲԱՂԱԴՐԻՉ ՏԱՐՐԸ, ՈՐ Կ’ԵՆԹԱԴՐՈՒԻ, ԹԷ ԿԸ ՆՊԱՍՏԷ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՀԱՂՈՐԴԷ ԼՈՒՐԸ, ՈՐ ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԻՒՆ ԿՐՆԱՅ ՊԱՏՃԱՌԵԼ ՇԱՏԵՐՈՒՆ:

Կարմիր գինին կը պարունակէ ռեսվերաթրոլ նիւթը, սակայն անոր քանակը կը տարբերի խաղողի տեսակի համաձայն:

Խումբ մը գիտնականներ հետեւած են Իտալիոյ Չիանթի շրջանին մէջ 800 գիւղացիներու առողջութեան` գիտնալու համար, թէ արդեօք տեղական գինին որեւէ նկատառելի ներգործութիւն ունի՞ անոնց առողջութեան վրայ:

Անոնք կ՛ըսեն, թէ իրենց ուսումնասիրութիւնը ոչ մէկ փաստ ի յայտ բերած է գինիին ռեսվերաթրոլ բաղադրիչ տարրին սրտի հիւանդութիւններ կանխարգիլելու կամ կեանքը երկարաձգելու յատկանիշին վերաբերեալ, եւ թէ` յաւելեալ ուսումնասիրութիւններու կարիք կայ հաստատ պատասխան մը ունենալու համար:

Բրիտանիոյ Սիրտի հիմնարկը իր կարգին կը կատարէ ռեսվերաթրոլի իր սեփական ուսումնասիրութիւնը:

Ֆրանսական Հանելուկը

Բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ ձգտած են բացատրել, թէ ինչո՛ւ սրտի հիւանդութիւններու համեմատութիւնը նուազ է Ֆրանսայի տարածքին, հակառակ որ երկրին բնակիչներէն շատերը կը սպառեն մեծ քանակութեամբ ճարպ պարունակող ուտելիքներ:

Ոմանք գաղտնիքը կը վերագրեն չափաւոր քանակութեամբ գինիի սպառումին:

Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ կարմիր գինիի, սեւ տուրմի եւ հատապտուղներու (պերիզ) սպառումը կը նուազեցնէ բորբոքումները, ինչ որ մտածել տուած է, թէ պատճառը անոնց հասարակաց բաղադրիչ տարրը` ռեսվերաթրոլն է:

Սակայն Ճոն Հոփքինզ համալսարանի Բժշկագիտական դպրոցի դասախօս Ռիչըրտ Սեմպա եւ անոր պաշտօնակիցները ոչ մէկ փաստ ի յայտ բերած են:

Անոնք իբրեւ փորձադաշտ` ընտրած են Թոսքանայի մէջ երկու փոքր գիւղաքաղաքներ, որոնց 783 տարեց բնակիչները յօժարած են մասնակցիլ քննութեան:

Կամաւորները մանրամասնութիւններ տուած են իրենց առօրեայ սննդականոնին մասին, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրողներուն կողմէ ենթարկուած են մէզի քննութեան` ռեսվերաթրոլի քանակը չափելու համար:

Ուսումնասիրութեան 9 տարիներուն ընթացքին 268 տղամարդ եւ կին մահացած է, 174 կամաւորներ տառապած են սրտի հիւանդութիւններէ եւ 34 անձեր` քաղցկեղէ:

Սակայն անոնց մէզին մէջ յայտնաբերուած ռեսվերաթրոլի քանակը չէր առնչուեր մահուան վտանգին, սրտի հիւանդութեան կամ քաղցկեղի հաւանականութեան հետ, ոչ ալ` արեան մէջ բորբոքում յառաջացնող որեւէ տարրի, ինչպէս կը տեղեկագրեն ուսումնասիրողները:

«Կը տիրէր այն մտածողութիւնը, թէ որոշ ուտելիքներ օգտակար են, որովհետեւ ռեսվերաթրոլ կը պարունակեն: Բնաւ նման կապ մը չնկատեցինք», կ՛ըսէ Սեմպա:

«Ռեսվերաթրոլի շուրջ հիւսուած պատմութիւնը պարզապէս մաս կը կազմէ առողջարար բաներու շեփորումին, որ սակայն չի դիմանար ժամանակի քննութեան»:

Սեմպայի համաձայն, գինի խմելու, սեւ տուրմ կամ հատապտուղներ սպառելու օգտակարութիւնը, եթէ երբեք գոյութիւն ունի որեւէ օգտակարութիւն, պէտք է փնտռել հասարակաց բաղադրիչ այլ տարրերու մէջ, եւ յստակ չէ, թէ որքա՛ն պէտք է ուտել կամ խմել` օգտուելու համար անոնց բարիքներէն:

«Ասոնք բարդ ուտելիքներ են, իսկ ինչ որ մեր ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, այն է, թէ անոնց օգտակարութիւնը հաւանաբար կապ չունի ռեսվերաթրոլի հետ», կ՛ըսէ ան:

Բրիտանիոյ Սիրտի հիմնարկին մէջ սրտաբանական հիւանդութիւններու աւագ հիւանդապահ Մորին Թալպոթ կ՛ըսէ. «Թէեւ այս ուսումնասիրութեան արդիւնքները հետաքրքրական են, սակայն անոնք փոփոխութեան պիտի չենթարկեն մեր ընձեռած սննդականոնի խորհուրդները: Մարդիկ պէտք է շարունակեն սպառել պտուղներ, բանջարեղէն եւ ընդեղէն»:

«Կը գիտակցինք ռեսվերաթրոլի ներգործութեան մասին աւելին գիտնալու անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ` հիւանդութիւններու դէմ պայքարելու անոր յատկանիշներուն, արեան շրջագայութեան եւ սրտի գործունէութեան մէջ անոր դերակատարութեան ուսումնասիրութեան», կ՛աւելցնէ ան:

«Այս ուսումնասիրութիւնը կենսական է, որովհետեւ կրնայ հիմը դառնալ ապագայ դեղագործութեան»:

Share this Article
CATEGORIES