Կենցաղային Հարցեր. Ինչո՞ւ Կը Յօրանջենք

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985yawnՈ՛Չ ԹԷ ԿԸ ՁԱՆՁՐԱՆԱՆՔ, ԱՅԼ ՊԱՐԶԱՊԷՍ ԿԸ ՊԱՐՊԵՆՔ ԵՒ ԿԸ ՊԱՂԵՑՆԵՆՔ ՄԵՐ ՈՒՂԵՂԸ, ԻՆՉՊԷՍ Կ’ԸՍԵՆ ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ԳՐԷ ՆՈՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՄԱՍԻՆ, ՈՐ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՅ, ԹԷ ՅՕՐԱՆՋԵԼԸ ԿԸ ՆՊԱՍՏԷ ԱՒԵԼԻ ՅՍՏԱԿ ՄՏԱԾԵԼՈՒ:

Որեւէ համակարգիչի պէս ուղեղը լաւ կ’աշխատի, երբ ջերմաստիճանը բարենպաստ է, իսկ երբ ուղեղը շատ կը տաքնայ, յօրանջելը կ’օգնէ, որ պաղի` արագացնելով սրտի զարկերը, ինչպէս նաեւ` արեան շրջագայութիւնը, մեծ քանակութեամբ թթուածին հասցնելով մինչեւ գլուխ եւ պաղեցնելով անոր մէջ գտնուող արիւնը:

Նախապէս կը կարծուէր թէ յօրանջելը կը ծառայէ շնչառական գործունէութեան, երբ թմրած վիճակի մէջ ենք, կ’օգնէ, որ արթննանք` թթուածինի մեծ քանակութիւն մը հասցնելով ուղեղ: Սակայն ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ յօրանջելը իրականութեան մէջ չ՛աւելցներ մարմնին մէջ թթուածինի քանակը, ինչ որ կը համապատասխանէ այն պարզ դիտարկութեան, թէ չենք յօրանջեր մարզանքի ժամանակ, երբ վստահաբար կարիքը ունինք յաւելեալ թթուածինի:

Հետեւաբար, ինչո՞ւ կը յօրանջենք, երբ յոգնած ենք: Փաստուած է, թէ քունի պակասը եւ յոգնութիւնը կ’աւելցնեն ուղեղին ջերմաստիճանը: Հետեւաբար, թէեւ ճիշդ է, որ կը յօրանջենք պայքարելու համար անքնութեան դէմ, սակայն յօրանջելը «չ՛արթնցներ մեզ», այլ կ’օգնէ, որ մեր ուղեղը աշխատի նպաստաւոր ջերմաստիճանի մէջ:

Յօրանջելը միայն մարդկային յատկանիշ մը չէ: Ողնաւոր անասուններուն մեծ մասը կը յօրանջէ:

Յօրանջելը միայն մարդկային յատկանիշ մը չէ: Ողնաւոր անասուններուն մեծ մասը կը յօրանջէ:

Վիեննայի համալսարանէն ուսումնասիրողներ Վիեննայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ հետեւած են անցորդներու յօրանջելու սովորութիւններուն եւ ի յայտ բերած են, թէ փոխանցիկ յօրանջելը ամէնէն աւելի յաճախակի է, երբ կլիման բաւական ցուրտ է եւ ներշնչուած օդը բաւական ցուրտ է` պաղեցնելու համար մարմինը, սակայն` ոչ այնքան ցուրտ կամ տաք, որ ունենայ ժխտական անդրադարձներ: Ասիկա կը նշանակէ, թէ Արիզոնայի մէջ քրտնող քաղաքացիներ շատ աւելի կը յօրանջեն ձմեռը, իսկ ցուրտ Վիեննայի մէջ` ամառը:

Ուսումնասիրութիւնը, որ լոյս տեսած է այս ամիս, կը համապատասխանէ նախապէս կատարուած ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներուն, ինչպէս` Ալպընիի համալսարանին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութեան մը, որ ի յայտ բերած է, թէ փոխանցիկ յօրանջելը կրնայ կրել ուղղակի ազդեցութիւնը տաք եւ սառով լեցուն տոպրակներու: Այսպէս, տեսերիզ մը դիտելու ժամանակ յօրանջող անձերու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ անոնց 41 առ հարիւրը յօրանջած է, երբ գլխուն դրած է տաք տոպրակներ, սակայն միայն 9 առ հարիւրը յօրանջած է, երբ սառով լեցուն տոպրակ մը դրած է գլխուն:

Յօրանջելով մարմնին ջերմաստիճանը կանոնաւորելու այս տեսութիւնը նաեւ կը համապատասխանէ վարուելակերպի այն բացատրութիւններուն, որոնց համաձայն, փոխանցիկ վարուելակերպը կամ «հօտի հոգեբանութիւնը» կը նպաստէ, որ խումբի մը պատկանող իւրաքանչիւր անդամ զգօն վիճակի մէջ ըլլայ: Յօրանջելու ընթացքին մարմինը պրկելը կը ծառայէ այս նպատակին:

Փոխանցիկ յօրանջելու մեր հակամէտութիւնը նաեւ կ’առնչուի կարեկցանքի մեր զգացողութեան հետ: Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ փոխանցիկ յօրանջելը նախ կը սկսի նոյն տարիքի մանուկներու քով, երբ անոնք կը սկսին ճանչնալ այլոց զգացումները (այսինքն` 4¬ 5 տարեկանին), եւ թէ` օթիզմէ (ջղաբանական վիճակ մը, որ կը ջլատէ ընկերային յարաբերութեան կարողութիւնը) տառապող մանուկներ նուազ կը յօրանջեն, երբ կը դիտեն յօրանջող անձեր պատկերող տեսերիզներ:

Յօրանջելը այնքա՛ն փոխանցիկ է, որ բաւարար է կարդալ այս մասին` յօրանջելու պահանջ զգալու համար: Իրօք, հաւանաբար առնուազն մէկ անգամ յօրանջեցիք այս յօդուածը կարդալու պահուն: Սակայն գէթ այժմ գիտենք, թէ պատճառը ո՛չ թէ նիւթին ձանձրացուցիչ բնոյթն է, այլ` յօրանջելու եւ ձեր ուղեղը պաղեցնելու շնորհիւ հաւանաբար այժմ աւելի արթուն կը զգաք, քան` յօդուածը կարդալէ առաջ:

 

Share this Article
CATEGORIES