Կենցաղային Հարցեր. Կարճահասակները Աւելի Երկար Կ’ապրին…
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
… ՊԱՏՃԱՌԸ` ԿԱՐՃԱՀԱՍԱԿՆԵՐՈՒՆ ՔՈՎ ԱՒԵԼԻ ՏԻՐԱԿԱՆ «ԵՐԿԱՐԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ԾԻՆՆ Է», ԻՆՉՊԷՍ Ի ՅԱՅՏ ԿԸ ԲԵՐԵՆ ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԷ.
Կարճահասակներ աւելի երկար կ’ապրին, քան` բարձրահասակները, որովհետեւ շատ աւելի հաւանական է, որ կրեն զիրենք ծերանալու դէմ պաշտպանող ծինը, ինչպէս ի յայտ կը բերեն գիտնականներ:
Նախապէս անասուններու վրայ կատարուած քննութիւններ փաստած են, թէ այսպէս կոչուած երկարակեցութեան ծինը` ՖՕՔՍՕ3 կը խթանէ կեանքի տեւողութիւնը: Սակայն առաջին անգամ է, որ այս ծինը կ’առնչուի մարդկային հասակի տարբերութիւններու հետ:
Գիտական նոր ուսումնասիրութիւն մը, որ մեծագոյնն է իր տեսակին մէջ, եւ որ կ’ընդգրկէ Հաուայի մէջ բնակող աւելի քան 8 հազար տարեց ամերիկացի¬ճափոնցի տղամարդիկ, համապարփակ դիտանկիւններէ ապացուցած է, թէ ուղղակի կապ մը գոյութիւն ունի կարճ հասակի եւ երկար կեանքի միջեւ:
Գիտնականներ ի յայտ բերած են, թէ մարմնի կազմաւորման սկիզբը ՖՕՔՍՕ3 պատճառ կը դառնայ աւելի փոքր չափի մարմնի կազմութեան եւ կ’երաշխաւորէ աւելի երկարատեւ կեանք: Կարճահասակ տղամարդիկ նաեւ աւելի հաւանական է, որ ինսիւլինի աւելի նուազ մակարդակներ ունենան իրենց արեան մէջ եւ աւելի նուազ հաւանական է, որ քաղցկեղէ տառապին:
«Այս ուսումնասիրութիւնը առաջին անգամ ըլլալով ցոյց կու տայ, թէ մարմնի չափը կապ ունի այս ծինին հետ», կ’ըսէ ուսումնասիրութեան հեղինակներէն` Հաուայի համալսարանի դասախօս Պրետլի Ուիլքոքս:
Գիտնականները ուսումնասիրութեան մասնակցողները բաժնած են երկու խումբի. 155 սմ¬էն կարճ եւ 160 սմ¬էն բարձր հասակ ունեցողներ: Անոնք ի յայտ բերած են յստակ տարբերութիւն մը իւրաքանչիւրին երկարակեցութեան միջեւ:
Հասակի յստակ բարձրութիւն մը չէ յայտնաբերուած` գիտնալու համար, թէ ո՛ր հասակէն կարճ կամ բարձր պէտք է ըլլալ, որպէսզի աւելի երկար ապրինք: «155 սմ¬էն կարճ անձեր ամէնէն աւելի երկար ապրած են: 155 սմ¬180 սմ¬ի միջեւ տարիքի ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ որքան աւելի բարձր հասակ ունենանք, այնքան կարճ կ’ապրինք», կ’ըսէ Ուիլքոքս:
Նախապէս կատարուած ուսումնասիրութիւններ կապ մը հաստատած են մարդկային հասակի եւ երկարակեցութեան միջեւ, սակայն անոնք կատարուած են շատ աւելի փոքր խումբերու վրայ: Անոնց մաս կազմած են շարք մը բացատրութիւններ, որոնք հիմնուած են սրտի աւելի արդիւնաւէտ արեան մղումի եւ բջիջներու վերանորոգութեան աւելի բարձր կարողութեան վրայ:
Հաուայի ուսումնասիրութիւնը սկսած է 1965¬ին: Անոր մասնակցած են 1900¬1919¬ի միջեւ ծնած Ճափոնական ծագումով 8006 ամերիկացիներ, որոնց կենցաղն ու առողջական վիճակը հսկողութեան տակ պահուած է տարիներ շարունակ:
Ուսումնասիրութեան մասնակցած տղամարդոց 1200¬ը ապրած է մինչեւ 90¬ական եւ 100¬ական տարիքը: Անոնցմէ միայն 250¬ը ողջ է այսօր:
Ուսումնասիրութիւնը լոյս տեսած է «Փլոս Ուան» գիտական թերթին մէջ: Անոր նիւթական ծախսերուն մէկ մասը հոգացած է Միացեալ Նահանգներու Ծերութեան ազգային հիմնարկը:
Ուիլքոքս կը նշէ, թէ հակառակ կատարուած յայտնաբերումներուն` հասակը միայն մէկն է անձի մը երկարակեցութեան տուեալներէն: Ան կը զգուշացնէ` ըսելով, թէ ուսումնասիրութիւնը պէտք չէ ընդունիլ իբրեւ անջատ եզրակացութիւն, որովհետեւ` «ինչ որ ալ ըլլայ մեր հասակը, կարելի է նաեւ ապրիլ առողջ կենցաղ»:

