Կենցաղային Հարցեր. Ինչպէ՞ս Կարելի Է Երկար Ապրիլ

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԿԵԱՆՔԻ ՄԷՋ ԱՆՆՊԱՏԱԿ ԿԸ ԹԱՓԱՌԻ՞Ք ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՕՐԸ ԱՊՐԵԼՈՎ ԱՅՆՊԷՍ, ԻՆՉՊԷՍ ԱՆԻԿԱ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՆԱՅ ՄԵԶԻ, ԹԷ՞ ՅՍՏԱԿ ՆՊԱՏԱԿ ՄԸ ՈՒՆԻՆՔ ՄԵՐ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏԷ ԵՐԿԱՐԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ՄԷԿ ԱՅԼ ԳԱՂՏՆԻՔԸ. ԳՏՆԵԼ ԿԵԱՆՔԻ ՆՊԱՏԱԿ ՄԸ:

985longer«Սայքոլոճի Սայընս» թերթին համաձայն, որեւէ տարիքի մէջ նպատակի զգացողութիւն մը ունենալը կրնայ բազմաթիւ տարիներ աւելցնել մեր կեանքին տեւողութեան վրայ:

Ուսումնասիրողներու համաձայն, նպատակ մը ճշդելը կրնայ չափահաս տարիքի ամբողջ տեւողութեան կեանքը առաջնորդել դէպի առողջ ծերութիւն: «Մեր յայտնաբերումները ցոյց կու տան, թէ կեանքի մէջ ուղղութիւն մը գտնելը եւ իրագործելի հեռաւոր նպատակներ ճշդելը կրնայ իրապէս նպաստել երկարակեցութեան, անկախ, թէ ե՛րբ կը հասնինք մեր նպատակին», ինչպէս կ՛ըսէ Քանատայի Քարլթըն համալսարանի ուսումնասիրող Փաթրիք Հիլ, որ գլխաւորած է ուսումնասիրութիւնը:

Նախապէս փաստուած է, թէ նպատակաուղղուածութիւնը երկարակեցութեան ամէնէն հզօր գործօններէն է: Սակայն այս նոր ուսումնասիրութիւնը առաջինն է, որ անոր ներգործութիւնը կ՛անջատէ կեանքի տեւողութեան վրայ հոգեբանական եւ ընկերային այլ ազդեցութիւններէն: Անիկա նաեւ առաջինն է, որ կը ներառէ աւելի երիտասարդ տարիքի անձեր: Կեանքի նպատակ մը ունենալու զգացողութիւնը տեւաբար առնչուած է բոլոր տարիքի անձերու կեանքի աւելի երկար տեւողութեան հետ, ինչ որ Հիլի մտածել տուած է, թէ «որքան կանուխ տարիքի ճշդենք կեանքի ուղղութիւն մը, հաւանական է, որ այնքան աւելի կանուխ սկսի յայտնուիլ կեանքը պաշտպանող անոր ներգործութիւնը»:

Լոչեսթըր համալսարանի բժշկագիտական կեդրոնի ուսումնասիրող Նիքըլըս Թուրիանոյի հետ գործակցելով` Հիլ քննած է տուեալները երկարակեցութեան, առողջութեան եւ լաւ զգալու վերաբերող լայնածաւալ ուսումնասիրութեան մը, որ կատարուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, 20-75 տարեկան չափահասներու վրայ: Կեանքի մէջ նպատակի մը գոյութեան մակարդակը չափելու համար ուսումնասիրողներ օգտագործած են այն նիշերը, զորս մասնակցողները արձանագրած են` հետեւեալ երեք հաստատումներուն դիմաց. «Ոմանք աննպատակ կը թափառին կեանքի մէջ, սակայն ես անոնցմէ մէկը չեմ», «կ՛ապրիմ օրը օրին եւ շատ ալ չեմ մտածեր ապագային մասին», «երբեմն կը զգամ, թէ ըրած եմ ինչ որ կարելի է ընել կեանքի մէջ»:

Այս հարցարանին պատասխանելէ 14 տարի ետք մասնակցողներուն 9 առ հարիւրը մահացած էր: Անոնք, որոնք տակաւին ողջ էին, նկատառելի կերպով աւելի բարձր նիշերով հաստատած էին, որ ունէին կեանքի նպատակ մը: Այս երեւոյթը զարմանալիօրէն ներկայ էր բոլոր տարիքի մասնակցողներուն քով: Նկատի ունենալով, որ տարեց չափահասներ երիտասարդներէն աւելի ենթակայ են մահացութեան վտանգին եւ հանգստեան կոչուելէ ետք հաւանաբար աւելի կարիքը ունին ուղղութեան մը հետեւելու զգացողութեան, ուսումնասիրողներ նախատեսած են, թէ նպատակի մը ներգործութիւնը աւելի հզօր է տարեցներուն քով: Հիլի համաձայն այն իրողութիւնը, թէ երիտասարդներուն քով եւս նպատակի գոյութիւնը նոյն ներգործութիւնը ունի, մտածել կու տայ, թէ չափահաս կեանքի մէջ որեւէ հանգրուանի նպատակ մը ունենալը ազդու ներգործութիւն ունի կեանքի տեւողութեան վրայ:

Ուսումնասիրութիւնը նաեւ առաջինն է, որ կապ մը ցոյց կու տայ նպատակաուղղուածութեան եւ կեանքի տեւողութեան միջեւ, անկախ` հանգստեան կոչուելու, ընկերային յարաբերութիւններու եւ բարւօք կեանքի տուեալներէն, որոնք բոլորն ալ կ՛առնչուին ֆիզիքական առողջութեան հետ: «Այս յայտնաբերումները մտածել կու տան, թէ իւրայատուկ կապ մը կայ կեանքի մէջ նպատակ մը ճշդելու եւ երկարակեցութեան միջեւ», կ՛ըսէ Հիլ:

Այսուհանդերձ տակաւին յստակ չէ, թէ նպատակ մը ունենալու զգացողութիւնը ինչպիսի՛ գործունէութիւններու վրայ կը տարածէ իր ներգործութիւնը` երկարաձգելու համար անձի մը կեանքի տեւողութիւնը: Հաւանական է, թէ անոնք, որոնք կեանքի յստակ նպատակ մը ունին, ֆիզիքական մարզանքի աւելի յաճախակի առիթներ ունին կամ կը վայելեն յաճախ իրենց նպատակները իրագործելու հաճոյքը:

Share this Article
CATEGORIES