Իրանեան Ապահովական Ուժերը Արեւմտեան Ազրպէյճան Նահանգին Մէջ Ահաբեկչական Բջիջ Մը Կազմալուծած Են

1805MahabadԻրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իրանեան ապահովական ուժերը յաջողած են հիւսիսարեւմտեան Իրանի մէջ գտնուող Արեւմտեան Ազրպէյճան նահանգի Մահապատ քաղաքին մէջ կազմալուծել ահաբեկչական բջիջ մը, որուն անդամներէն երեքը ձերբակալուած են:

Լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, որ նշեալ ահաբեկչական բջիջը 22 սեպտեմբեր 2010-ին կատարած էր ականահարում մը` թիրախ դարձնելով կիներ եւ մանուկներ, որոնք ներկայ գտնուած էին Մահապատ քաղաքի թաղամասերէն մէկուն մէջ զինեալ ուժերու տողանցքը դիտելու: Ականահարումին պատճառով արձանագրուած էր 12 զոհ եւ աւելի քան 40 վիրաւոր:

Share this Article
CATEGORIES