«Թեհրանի Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Համաձայնութեան Գալը Տակաւին Կարելի Է» Կ՛ըսէ Զարիֆ

Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ
Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ յայտարարած է, որ Թեհրանի եւ «Վեցեակ»-ի միջեւ համաձայնութեան ձեռքբերումը տակաւին կարելի է:
Աղբիւրը կը նշէ, որ իրանեան դիւանագիտութեան պետը այս մասին գրած է «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ` Վիեննայի մէջ Իրանի հիւլէական ծրագիրին հարցով հերթական բանակցային փուլի աւարտէն ետք:
«Համաձայնութիւնը տակաւին կարելի է, սակայն պատրանքները պէտք է վերցուին: Պէտք չէ ձեռքէ փախցնել ընձեռուած կարելիութիւնը, ինչպէս որ տեղի ունեցաւ 2005-ին», գրած է Զարիֆ:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Իրան եւ «Վեցեակը» յառաջընթաց չեն արձանագրած հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ համաձայնութեան համապարփակ բնագիրի կազմութեան հարցին մէջ:
CATEGORIES Միջազգային

