«Արաբական Լիկան Եւ ՄԱԿ-ը Սուրիական Թղթածրարին Մէջ Կատարելապէս Ձախողեցաւ» Ըսաւ Արապի

Նեպիլ Արապի

Նեպիլ Արապի

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի յայտնեց, որ Արաբական լիկան սուրիական թղթածրարին մէջ կատարելապէս ձախողեցաւ, ինչպէս նաեւ ձախողեցան ՄԱԿ-ը, սուրիական կառավարութիւնն ու ընդդիմութիւնը: «Ո՛չ ոք յաջողեցաւ, ո՛չ արաբական պետութիւններէն մէկը, ո՛չ ալ ՄԱԿ-ի մնայուն անդամներէն մէկը, մասնաւորաբար նաեւ Ամերիկան եւ Ռուսիան», նշեց Արապի:

Արապի «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեց. «Իւրաքանչիւր օր, որ կը սպաննուի սուրիացի քաղաքացի մը, ըլլայ ան ընդդիմութենէն կամ կառավարամէտ, մեր ձախողութիւնը կը հաստատուի»:

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն դատապարտած է Հալէպի մէջ ջուրի մատակարարման դադրեցումը: Ան կոչ ուղղած է վերականգնելու ջուրի մատակարարումը:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը ըսած է, որ մարդիկ ջուրէ զրկելը մարդու հիմնական իրաւունքներու խախտում է:

ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Սամանթա Փաուըր եւս դատապարտած է երեւոյթը` նշելով, որ այդ ձեւով վտանգուած է 2.5 միլիոն մարդ:

Հալէպ արդէն 8 օր է ջուրի մատակարարումէ զրկուած է:

«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւ Բրիտանիան Սուրիոյ տարածքին մէջ գործող ահաբեկիչներուն կ՛աջակցին:

Դիւանագէտը յայտնած է, որ այդ երկիրները դէմ են Սուրիոյ մէջ բարեփոխումներուն, որոնց նպատակն է ժողովրդավարութեան յառաջխաղացումը եւ Սուրիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու ու օրէնքի գերակայութեան զարգացումը:

Մըքտատ յայտարարած է նաեւ, որ Իսրայէլ կը խոչընդոտէ Սուրիոյ մէջ 3 յունիսին նշանակուած նախագահական ընտրութիւններու կայացումը:

Ըստ անոր, արեւմտեան երկիրներու իշխանութիւնները երկակի չափանիշերու քաղաքականութիւն կը վարեն: Փոխնախարարը նշած է, որ այդ երկիրներու ղեկավարները փտած են եւ «ահաբեկիչներ եւ մարդասպաններ» կը հովանաւորեն:

Share this Article
CATEGORIES