Սոմայի Ածխահանքի Փլուզման Հարցով 18 Անձեր Ձերբակալուած Են

Էրտողան կը զգուշացնէ ցուցարարը

Էրտողան կը զգուշացնէ ցուցարարը

«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ երէկ Թուրքիոյ Սոմա նահանգին մէջ գտնուող ածխահանքի փլուզման արկածին շուրջ կատարուած հետաքննութեան ծիրին մէջ ձերբակալուած են շուրջ 18 անձեր, ներառեալ` ածխահանքը շահագործող ընկերութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, որոնց շարքին են Սոմա ածխահանքի ընկերութեան գործադիր ղեկավար Ռամազան Տողրու եւ աւագ ճարտարապետ Աքըն Չելիք: Թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ դատախազներ կասկածեալներէն հինգը դատարան ուղարկած են` պահանջելով զանոնք ձերբակալել:

Նշենք, որ 13 մայիսին տեղի ունեցած արկածի զոհերուն թիւը բարձրացած է 301-ի:

Մինչ այդ, ածխահանքի մուտքը աղիւսով պատուեցաւ, երբ իշխանութիւնները կոչ ուղղեցին վերջ տալու փրկարար գործողութիւններուն: Ածխահանքին մէջ բոլոր աշխատանքները եւս դադրեցան, եւ միայն արկածին շուրջ հետաքննութիւն կատարող ոստիկաններուն եւ դատախազներուն կ՛արտօնուի մուտք գործել հանքավայր:

Հերթական Գայթակղութիւն

Հրապարակ եկաւ նոր տեսերիզ մը, որուն մէջ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կը զգուշացնէ ցուցարար մը, որ պիտի «ապտակուի, եթէ վարկաբեկէ վարչապետը», ինչ որ Թուրքիոյ մէջ հանքավայրի ամէնէն մահացու աղէտներէն մէկէն ետք բողոքի յաւելեալ ալիք յառաջացուց:

Տեսերիզը ցոյց կու տայ 14 մայիսին Էրտողանի աղէտի վայր այցելութիւնը, երբ ներկաները զինք դիմաւորեցին սուլոցներով եւ վարկաբեկիչ խօսքերով: Օրին ան խանութ մը մուտք գործեց հետապնդելով ցուցարար մը` ըսելով. Եկուր հոս եւ երեսիս զիս վարկաբեկէ»: Նշեալ անձը երիտասարդ հանքագործ Թաներ Քուրուճուն էր, որ հետագային ըսաւ, որ վարչապետը «ակամայ» զինք ապտակած է, թէեւ ինք անոր հրաժարականը պահանջող կարգախօսներ բացագանչողներէն մէկը չէր:

Նոր տեսերիզին մէջ Էրտողան Սոմայի մէջ կը մօտենայ այլ երիտասարդի մը եւ կ՛ըսէ. «Անկիրթ մի՛ վարուիր: Այն ինչ որ եղաւ, եղաւ(Սոմա ածխահանքին մէջ): Աստուծոյ կամքն է: Եթէ այս երկրին վարչապետը վարկաբեկես, կ՛ապտակուիս»: Այլ անձ մը անոր կը պատասխանէ. «Անշուշտ պիտի ապտակուինք, վարչապետ: Մենք քեզի շատ կը սիրենք, սակայն կը տառապինք»:

Ցոյցերը Կը Շարունակուին

Շաբաթ օր Պոլսոյ եւ Անգարայի մէջ ոստիկանութիւնը բախում ունեցաւ Սոմայի մէջ արձանագրուած զոհերուն համար իշխանութիւնները դատապարտող ցուցարարներու հետ:

Ոստիկանութիւնը Պոլսոյ Իսթիքլալ փողոցին մէջ արցունքաբեր կազ, ջրաշիթ մեքենաներ եւ ձգախեժէ փամփուշտներ օգտագործեց` ցրուելու համար ցուցարարները: Ցոյցը կազմակերպուած էր Թաքսիմի զօրակցութեան բեմահարթակին կողմէ, որ կազմուած էր անցեալ տարի` Կեզի զբօսայգիի դէպքերուն ընթացքին: Ոստիկանութիւնը ձերբակալած է շուրջ 34 անձեր:

Ուրբաթ օր Պոլսոյ Քատիքէօյ թաղամասին մէջ ոստիկանութեան հետ երկար բանակցութիւններէ ետք մոմավառութիւն տեղի ունեցած էր: Սակայն ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ եւ ջրաշիթ մեքենաներ օգտագործելով ցրուեց խումբ մը ցուցարարներ, որոնք Պահրիյէ թաղամասին մէջ փորձեցին լուռ նստացոյց եւ մոմավառութիւն կատարել:

 

Share this Article
CATEGORIES