Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՊՔԵՐՔԷԻ տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ուալիտ Ղայեատ շեշտեց, որ Հըզպալլայի հետ իր հանդիպումին ընթացքին մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ընդգծեց Ս. Հողեր իր կատարելիք այցելութեան կայացման կարեւորութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլի մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ երեսփոխան զօր. Միշել Աուն ոչ ոքէ խոստում մը ստացած է` հանրապետութեան նախագահ ընտրուելու առումով, սակայն միաժամանակ ոչ ոք անոր թեկնածութեան դէմ վեթօ դրած է:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութիւնը կայացնելու համար ներքին լիբանանեան համախոհութիւն մը գոյացնելու:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ շեշտեց, որ համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի կ՛երաշխաւորեն Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու  տնտեսական զարգացումը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին կոչ ուղղեց միջլիբանանեան խորհրդակցութեան` աւելցնելով, որ հաւանական է, որ Լիբանան ճշդուած ժամկէտին ընթացքին ունենայ հանրապետութեան իր յաջորդ նախագահը:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան ընդգծեց, որ նախագահական ընտրութեան մասին տակաւին համաձայնութիւն մը կարելի չէ եղած գոյացնել` նկատի ունենալով, որ հակառակորդ քաղաքական խումբը կառչած կը մնայ մարտահրաւէր սպառնացող թեկնածուի մը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթին համա-ձայն, հանրապետութեան նախագահ ընտրուելու առումով, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ընտրութեան հաւանականութեան համեմատութիւնը հետզհետէ աւելի կը բարձրանայ:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնները պէտք է կատարուին իրենց ճշդուած թուականին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ ընդգծեց նախքան 25 մայիսը հանրապետութեան նախագահի ինքնութեան շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու անհրաժեշտութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի յայտնեց, որ Հըզպալլա կը փափաքի նախագահական աթոռը թափուր պահել, ինչպէս նաեւ ան միայն ինքն իր շահերուն մասին կը մտածէ:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շեշտեց, որ Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներուն դիմաց երկրին սահմանները պիտի չփակուին, այլ` Լիբանան անոնց մուտքին համար չափանիշներ պիտի ճշդուին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կը փափաքի Պրիհի հաշտութիւնը ներկայացնել իբրեւ իր նախագահութեան ժամանակաշրջանին իրագործուած նուաճում:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, թէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն պիտի ընտրուի հանրապետութեան նախագահ. ան աւելցուց, որ ներկայիս գնդակը կը գտնուի նախկին վարչապետ, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի դաշտին մէջ:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա կը պատրաստուի Սուրիա-Իսրայէլ սահմանամերձ Քնայթրա շրջանի ճակատամարտին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ մեծ հաշտութիւններ գոյացնող հզօր ղեկավար մը չէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման չի փափաքիր իր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգել, այլ կը փափաքի Լիբանանի մէջ հանրապետութեան նոր նախագահ մը տեսնել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ժիհատ Ազուր կ՛առաջարկէ Լիբանանի վարչակարգին փոփոխութիւնը` աւելցնելով, որ խորհրդարանը սխալած է, երբ ինքն իր նստաշրջանը երկարաձգած է:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, արեւմտեան աղբիւրներ թելադրած են իրանեան-սէուտական ոչ մէկ համաձայնութիւն գոյացնել` նախագահական ընտրութեան թղթածրարին առնչութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES