Հակառակ Արգիլման. Խրիմի Մէջ Թաթարներու Հաւաք

1805TatarsՀակառակ անոր որ Խրիմի իշխանութիւնները ուրբաթ օր հաւաքներ արգիլող յայտարարութիւն մը հրապարակած էին, այսուհանդերձ երկու հաւաքներ տեղի ունեցան նախ Պահչիսարայի մէջ, ապա Սիմֆերոփոլի արուարձաններուն մէջ, ուր տասը հազար թաթարներ ոգեկոչեցին յիշատակը 200 հազար թաթարներու, որոնք Ստալինի կողմէ Ուզպեքիստան աքսորուած էին:

Թաթար ղեկավար Ռեֆաթ Չուպարով Խրիմի իշխանութիւններուն որոշումը «անմարդկային արարք» կոչեց:

Զինուորական ուղղաթիռներ թռիչք կատարեցին հաւաքին վերեւ եւ անլսելի դարձուցին աքսորի 70- ամեակին առիթով խօսք առնողներուն ձայները:

Թաթարներու հոգեւոր պետ Մուսթաֆա Ճեմիլեւ Քիեւի մէջ նոյն առիթով կազմակերպուած հաւաքի մը ընթացքին ելոյթ ունեցաւ:

Մինչ այդ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցաւ թաթար պաշտօնատարներու հետ` յայտնելով, որ Մոսկուա պատրաստ է անոնց օժանդակելու, սակայն մերժեց արտօնել, որ Խրիմի թաթար բնակչութիւնը «Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ վէճերուն մէջ… սակարկութեան առարկայ դառնայ»:

Share this Article
CATEGORIES