Ռայի Պատրիարքը Կը Շեշտէ 25 Մայիսէն Առաջ Հանրապետութեան Նոր Նախագահը Ընտրելու Կարեւորութիւնը

Ռայի պատրիարքը` քարոզի պահուն
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, որ նախքան 25 մայիսը հանրապետութեան նախագահին ընտրութիւնը Լիբանանը կրնայ դուրս բերել իր դիմագրաւած տագնապներէն:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն ընտրելու հանրապետութեան նոր նախագահը, որպէսզի անոնք աւելի ուշ ամօթով չմնան եւ բարեկամ երկիրներուն ու ժողովուրդներուն կողմէ չամբաստանուին` նախագահական աթոռը թափուր պահելու յանցանքով:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց վերյիշելու 1988-ի եւ 1990-ի դէպքերը, որոնք հետեւանք էին նախագահական աթոռի թափուր մնալուն` շեշտելով նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը:
Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ բոլորը պէտք է լաւ իմանան, որ հանրապետութեան նախագահութիւնը երկրին գլուխն է եւ մարմինը, որ խորհրդարանին եւ կառավարութեան կու տայ անոնց օրինականութիւնը, ինչպէս նաեւ կ՛երաշխաւորէ երկրին ապահովական կայունութիւնն ու անոր միջազգային օրինականութիւնը:
«Ոչ ոք հանրապետութեան նախագահութենէն աւելի բարձր է եւ ոչ ոք կրնայ զայն փոխարինել», հաստատեց Ռայի պատրիարքը:

