Պըրրի. «Նախագահական Ընտրութիւնը Կատարելու Ժամկէտը Կրնայ Վերջին Քառորդ Ժամուան Ընթացքին Կատարուիլ»

Ուատիկ Խազեն եւ Պըրրի

Ուատիկ Խազեն եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախագահական ընտրութեան կայացումին մասին յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը կրնայ 25 մայիսի վերջին քառորդ ժամուան ընթացքին կատարուիլ, եթէ նախագահական թեկնածուի մը շուրջ համախոհութիւն գոյանայ:

Միւս կողմէ, Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Նասըրական շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Ուսամա Սաատը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապին վերաբերող շարք մը հարցեր:

Պըրրի ընդունեց նաեւ Մարոնի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազենը, որուն հետ քննարկեց նախագահական ընտրութեան կապուած հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Խազեն շեշտեց, որ համախոհութեան գոյացումին պարագային Պըրրի պատրաստ է որեւէ վայրկեանի խորհրդարանը հրաւիրելու նախագահական ընտրութեան նիստի մը:

Խազեն ընդգծեց նաեւ, որ աշխատավարձի յաւելումներուն առումով Պըրրի համաձայն է սենտիքայական պահանջները գոհացնելու:

Share this Article
CATEGORIES