Ռաատ. «Կը Փափաքինք Ունենալ Հանրապետութեան Նախագահ Մը, Որ Կառչած Կը Մնայ Եռեակ Տարազին»
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ իրենք կառչած կը մնան լիբանանցի ժողովուրդին համար յաղթանակ կերտած եռեակ տարազին` աւելցնելով, որ իրենք կը փափաքին ունենալ հանրապետութեան նախագահ մը, որ Ժողովուրդ, բանակ, Դիմադրութիւն տարազէն անշեղ կը մնայ:
Ռաատ ընդգծեց նաեւ, որ իրենք կը փափաքին տեսնել հանրապետութեան նախագահ մը, որ արտաքին շլացնող առաջարկներով չի հմայուիր:
CATEGORIES Լիբանանեան

