Բանակը Կը Նշէ Իսրայէլեան Այլ Ոտնձգութիւն Մը

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը Լապպունէի մէջ նշմարած է, թէ իսրայէլեան ուժեր ոտնձգութիւն մը գործած են լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ, ապա սահմանային  Կապոյտ գիծին մօտ իրենց աշխատանքները շարունակած են:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ բանակը հետեւած է այս խախտումին եւ շրջանին մէջ տեղակայուած միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ որդեգրած որոշ միջոցառումներ:

ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբեր Անտրէա Թինընթի կէսօրէ ետք յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերը Լապպունէի մօտակայքը գտնուող սահմանին վրայ կը կատարեն նորոգութիւններ, որոնք կը գտնուին ՖԻՆԻՒԼ-ի հսկողութեան տակ:

Թինընթի նշեց նաեւ, որ իսրայէլեան կողմը զիրենք տեղեակ պահած էր, այդ նորոգութիւններուն մասին եւ իրենք իրենց կարգին այդ մասին իմացուցած էին լիբանանեան բանակին:

Միւս կողմէ, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի ներկայացուցիչին համապատասխան ցուցմունքներ տուաւ Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ Իսրայէլի գործած ոտնձգութիւններուն մասին երեք բողոք ներկայացնելու:

Share this Article
CATEGORIES