Ապահովական Միջադէպ` Պուրճ Համուտի Մէջ
Անցեալ շաբաթ երեկոյեան Պուրճ Համուտի փուռ «Վերոնա»-ի թաղին մէջ արձանագրուեցաւ ապահովական միջադէպ մը, երբ այդ թաղէն նշանուած զոյգ մը կ՛անցնէր:
Թաղին մէջ բնակող լիբանանահպատակ քիւրտեր, իրենց բնակած երկյարկանի շէնքին տանիքէն վարկաբեկիչ արտայայտութիւններ ունեցած էին նշանուած աղջկան հասցէին, եւ բնականաբար վիճաբանութիւն սկսած էր անոնց եւ այդ աղջկան քրիստոնեայ լիբանանցի նշանածին միջեւ:
Վիճաբանութեան ի տես դէպքին վայրը ժամանած էին նշանուած երիտասարդին եւ երիտասարդուհիին բարեկամները, որոնք փորձած էին հանդարտեցնել երկու կողմերը:
Սակայն ստեղծուած այդ իրարանցումին ընթացքին շէնքին տանիքը գտնուողները պիւթակազի շիշ մը նետեցին իրենց բնակարանին տակ խմբուած ամբոխին վրայ եւ գլուխէն հարուածեցին Էլիաս Քալաշ անունով լիբանանցի մը, որ ոչ մէկ կապ ունէր այդ վիճաբանութեան հետ:
Քալաշ առողջական ծանր վիճակի մէջ կը գտնուի Պէյրութի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ:
Այս վայրագ արարքին պատճառով շրջանը վկայեց յաւելեալ իրարանցում, որ հակակշիռի տակ առնուեցաւ բանակին ժամանումով:
Երէկ երեկոյեան խումբ մը լիբանանցի երիտասարդներ եւ շրջանին բնակչութիւնը Պուրճ Համուտի ջուրի ընկերութեան մօտ կատարեցին բողոքի նստացոյց մը` ապահովութեան ուժերէն պահանջելով ձերբակալել յանցագործները:
Երեկոյեան բանակը եւ ապահովական ուժերը ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրեցին Պուրճ Համուտի զանազան թաղամասերուն մէջ:

