Հարիրի Ընդունեց Ժահժահը

Ժահժահ եւ Հարիրի
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթավերջին Փարիզի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա:
Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակին համաձայն, հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է նախագահական ընտրութիւնը ճշդուած թուականին կատարելու եւ նախագահական աթոռին թափուր մնալը մերժելու առումով:
Հանդիպումին մասնակիցները ընդգծած են նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստին բոլոր երեսփոխաններուն մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը:
Ազգային լրատու գործակալութեան համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր աշխատանքային այցելութեամբ մը մեկնած են Ֆրանսա:
Անպաշտօն աղբիւրներու համաձայն, Ժահժահ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցած է նաեւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալի հետ:
Նշենք, որ այս հանդիպումները ուղղակի կը վերաբերին 22 մայիսին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան Լիբանանի խորհրդարանի նիստին կայացման:

