Նախագահ Սլէյման Իր Ցուցմունքները Տուաւ Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդին

Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստէն պահ մը

Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստէն պահ մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ առաւօտեան Պաապտայի մէջ նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, ներկայութեամբ` վարչապետ Թամմամ Սալամի, արտաքին գործոց, ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան նախարարներուն, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կառոյցներու պետերուն:

Նիստէն ետք Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր յայտնեց, որ նախագահ Սլէյման խորհուրդին տուած է իր ցուցմունքները` պահպանելու համար երկրին զինուորական եւ ապահովական հաստատութիւնները, ինչպէս նաեւ միասնականացնելու ապահովական ջանքերը, ամրապնդելու անոնց պատրաստուածութիւնը, շարունակելու բանակին զինումը, ինչպէս նաեւ ճիգ չխնայելու` պաշտպանութեան ռազմավարութիւն մը մշակելու:

Խէյր յայտնեց, որ նիստին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ երկրին քաղաքական եւ ապահովական կացութիւնը եւ քաղաքական կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ անիկա ապահովական հաստատութիւններուն վրայ դրական ազդեցութիւն կը բանեցնէ:

Ան նշեց նաեւ, որ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը քննարկած է նաեւ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն, յատկապէս հիւսիսային Լիբանանի եւ Պեքաայի մէջ ապահովական ու զինուորական կառոյցներուն գործադրած ապահովական ծրագիրները:

Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան բանակին կարիքները եւ տրուեցան շարք մը որոշումներ:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց իր գոհունակութիւնը Պաապտայէն հեռանալու առումով, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ ինք իր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու առումով բոլոր բարդոյթները շրջանցած է:

 

Share this Article
CATEGORIES