Շուֆի Պրիհ Շրջանին Մէջ Ազգային Հաշտութիւն` Ներկայութեամբ Նախագահ Սլէյմանի Եւ Ռայի Պատրիարքին

1805mokhtaraՀանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթավերջին ուղղուեցան Շուֆ, ուր անոնք ներկայ գտնուեցան Պրիհի մէջ տեղի ունեցած ազգային հաշտութեան, ներկայութեամբ` Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի, գաղթականներու հարցերու նախարար, դատաւոր Ալիս Շապթինիի եւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի:

Հաշտութեան առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Ժոմպլաթ ունեցաւ լեզուի սայթաքում մը եւ նախագահ Սլէյմանին դիմեց ըսելով. «Երկրի նախագահ` զօր. Միշել Աուն», ինչ որ պատճառ դարձաւ հաշտութեան մթնոլորտը վերածելու ընդհանուր հրճուանքի:

Ժոմպլաթ ըսաւ, որ սխալմունք էր եղածը եւ շարունակեց նշելով, որ նախագահ Սլէյմանի ներկայութեան այսօր կը փակեն Լեռնալիբանանի վերջին վէրքը` Պրիհը:

Ժոմպլաթ դրուատեց նախագահ Սլէյմանի նախագահական նստաշրջանին ընթացքին արձանագրուած նուաճումները:

Իր խօսքին մէջ, նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Պրիհի այս հանդիպումը կ՛ընդգծէ լիբանանեան պետութեան սկզբունքները, որոնցմէ շեղիլը պիտի ըլլայ բացառութիւն եւ աղէտ, «հետեւաբար պէտք է կառչած մնալ սկզբունքներուն` երաշխաւորելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը», ըսաւ ան:

Նախագահ Սլէյման ըսաւ, որ մէկ պետութիւնը իր բանակով եւ պաշտպանութեան յստակ ռազմավարութիւն մը գործադրելով կրնայ պաշտպանել երկիրը եւ վերջ տալ համայնքային կեթոներուն եւ անձնական ապահովութեան բոլոր երեւոյթներուն, ինչպէս նաեւ կ՛օժանդակէ գաղթականներու տունդարձին եւ ազգային գոյակցութեան ու համերաշխութեան ամրապնդումին:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց Պրիհի հաշտութիւնը շարունակելու եւ հասնելու Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ հաշտութեան` իբրեւ հիմնական նպատակ:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանան կարիքը ունի հանրապետութեան նոր նախագահի մը, որ կը շարունակէ նախագահ Սլէյմանի ուղեգիծը:

Պրիհի հաշտութեան առիթով տեղի ունեցած պաշտօնական ձեռնարկին ընթացքին ներկաները ուղղուեցան հիմնարկէքը կատարելու Մար Էլիաս եւ Մար Ժըրժես եկեղեցիներուն:

1805deir_kamar_hospitalՆախագահ Սլէյման եւ Ռայի պատրիարքը Ժոմպլաթի ընկերակցութեամբ ուղղուեցան Մուխթարա, ուր ներկայ գտնուեցան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչներ` արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլն ու կրթութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապը:

Մուխթարայէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ նախագահ Սլէյման ըսաւ, որ այդ տունը տուած է տիւրզի ղեկավար Քամալ Ժոմպլաթն ու Ուալիտ Ժոմպլաթը, որ հաւասարակշռող յատկանիշ ունի:

Նախագահ Սլէյման բարձր գնահատեց Ժոմպլաթի կողմէ իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը, յատկապէս երբ յուլիսեան պատերազմին ինք լիբանանեան բանակի 15 հազար զինուոր առաջնորդած է դէպի հարաւային Լիբանան, ուր 36 տարի շարունակ բանակը ներկայութիւն չէ եղած:

Ժոմպլաթ դարձեալ ողջունեց նախագահ Սլէյմանը, որ կրցաւ Լիբանանը հարուածող զանազան փոթորիկներուն դէմ պայքարիլ եւ երկիրը փրկել. ան շեշտեց, որ Մուխթարա միշտ հաւատարիմ պիտի մնայ նախագահ Սլէյմանին եւ Լեռնալիբանանի բնակչութիւնը շնորհակալ ու յարգանքով պիտի մնայ անոր նկատմամբ:

Մուխթարայի մէջ նախագահ Սլէյմանի եւ Ռայի պատրիարքին ի պատիւ սարքուեցաւ ճաշկերոյթ մը:

Պէյթէտտինի նախագահական ամարանոցին մէջ կարճ հանգիստէ մը ետք, նախագահ Սլէյման եւ Ռայի պատրիարքը ուղղուեցան Տէյր Քամար, ուր հիմնարկէքը կատարուեցաւ շրջանի կառավարական հիւանդանոցին:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը գործադրելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ բանակը զինելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի ան կարենայ պաշտպանել երկիրը:

ԱյսառիթովնախագահՍլէյմանյայտնեց, որբանակիհրամանատարզօր. ԺանՔահուաժիուղղուածէՌիատ` ստորագրելուհամարբանակիզինմանհամաձայնագիրը:

Share this Article
CATEGORIES