Տաւութօղլու Քննադատած Է «Ֆրիտըմ Հաուս»-ի Տեղեկագիրը

Ահմեթ Տաւութօղլու
«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու քննադատած է «Ֆրիտըմ Հաուս»-ի` Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութեան մասին պատրաստած վերջին տեղեկագիրը:
Ըստ Տաւութօղլուի, այդ տեղեկագիրին մէջ Թուրքիոյ իրականութիւնները չեն ցոլացած, որովհետեւ, ըստ պետական տուեալներու, Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած են միայն հինգ լրագրողներ, մինչ տեղեկագիրին մէջ կը նշուի, որ բանտարկուած լրագրողներուն թիւը 44 է:
Տաւութօղլու անդրադարձած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը պատժող օրէնքներուն` ըսելով. «Եթէ Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսէք, որ «1915-ի դէպքերը ցեղասպանութիւն են», եւ ես ըսեմ` «ո՛չ այդպէս չէ», ո՛չ ձեր եւ ո՛չ ալ իմ դէմս հետաքննութիւն կը կատարուի: Սակայն ես կամ ոեւէ այլ թուրք կրնա՞յ առանց հետեւանքի Ցիւրիխի մէջ ըսել. «1915-ի դէպքերը ցեղասպանութիւն չեն»: Խօսքի ազատութիւն կա՞յ ձեր մօտ, կրնա՞ք երաշխաւորել, մինչդեռ Թուրքիոյ մէջ ամէն բան կարելի է քննարկել, քաղաքական ամէն տեսակ տեսակէտ կարելի է մէջտեղ դնել եւ ամէն տեսակի արշաւի ձեռնարկել», ըսած է Տաւութօղլու:

