Ըստ Պաքուի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին. «Եւրոմայտան»-ը Կրնայ Կրկնուիլ Ազրպէյճանի Մէջ

Ռիչըրտ Մոռնինկսթար

Ռիչըրտ Մոռնինկսթար

Ազրպէյճանական «Haqqin.az» կայքը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մոռնինկսթար «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ազրպէյճանական ծառայութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ «Միացեալ Նահանգներ ուշադիր կը հետեւին Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններուն: Յատկապէս քաղաքական գործիչներու նկատմամբ ճնշումներուն եւ ձերբակալութիւններուն: Այդ նիւթը մեզի համար միշտ առաջնային եղած է: Եթէ կը յիշէք, քանի մը տարի առաջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Պաքու կատարած այցելութեան ժամանակ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ սերտ յարաբերութիւններ կը մշակեն միայն ժողովրդավարական երկիրներու հետ»:

Անդրադառնալով քաղաքացիական հասարակութեան նկատմամբ ճնշումներու հարցին` Մոռնինկսթար նշած է, որ Ազրպէյճանի մէջ կրնան կրկնուիլ ուքրանական Մայտանի իրադարձութիւնները: «Եթէ կառավարութիւնը քաղաքացիական հասարակութեան նկատմամբ աւելի կարծր գիծ որդեգրէ, ապա Մայտանի իրադարձութիւնները կրնան կրկնուիլ նաեւ Պաքուի մէջ: Եթէ նոյնիսկ հիմա չէ, ապա 5-10 տարիէն: Եթէ քաղաքացիական հասարակութեան կարելիութիւնները ա՛լ աւելի սահմանափակուին, ատիկա պիտի մեծցնէ այդպիսի իրադարձութիւններու կրկնուելու վտանգը», ըսած է դիւանագէտը:

Մեկնաբանելով «Ազրպէյճանի եօթը շրջանները վերադարձնելու մասին» Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի յայտարարութիւնը` Մոռնինկսթար նշած է, որ Ուորլիք արտայայտած է Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը: Ան նաեւ նշած է, որ եթէ Ազրպէյճան եւ Հայաստան վերջապէս խաղաղութեան շուրջ համաձայնութիւն գոյացնեն, ատոր կրնայ խանգարել Ռուսիան, որպէսզի պահպանէ երկու պետութիւններուն վրայ ազդեցութեան լծակները:

 

Share this Article
CATEGORIES