Գործադիր Իշխանութիւնը Այսօր Կը Հաստատէ Իր Աշխատանքային Ծրագիրը

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան 2014-2017 թուականներու ծրագիրով, որ պիտի հաստատուի կառավարութեան այսօրուան նիստին, արտաքին քաղաքականութեան մարզին մէջ կարեւորութեամբ կը շեշտուին Լեռնային Ղարաբաղի հարցի խաղաղ լուծումը, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն ու դատապարտումը, Ռուսիոյ հետ դաշնակցային փոխադարձ գործակցութեան եւ ռազմավարական յարաբերութիւններու խորացումն ու ընդլայնումը, Միացեալ Նահանգներուն հետ բարեկամական գործընկերութեան ամրապնդումը, եւրոպական երկիրներու հետ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացումն ու ամրապնդումը եւ շարք մը այլ ծրագիրներ:

Ծրագիրին վերաբերեալ յաւելեալ մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք յաջորդ թիւով:

Share this Article
CATEGORIES