Սպանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Աթլեթիքօ Մատրիտ Հանդիսացաւ Ախոյեան

1705athleticoՍպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումին, Պարսելոնա, որ իր դաշտին` «Նու Քամփ»-ի մէջ հիւրընկալեց Աթլեթիքօ Մատրիտը, յաղթանակի մը պէտք ունէր ախոյեան հանդիսանալու համար:

Թէեւ նախքան այս մրցումը տեղի ունենալը Աթլեթիքօ 3 կէտի առաւելութիւն մը ունէր Պարսայի վրայ, սակայն եթէ պատահէր, որ դաշտին տէրը յաղթանակ արձանագրէր, իր ունեցած կոլէվըրէյճին շնորհիւ պիտի գերազանցէր Աթլեթիքոն:

Սակայն արժանթինցի մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէի կազմը` Աթլեթիքօ, ինքզինք պարտադրելով եւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելով հանդիսացաւ «Լա լիկա»-ի ախոյեան` 18 տարի ետք:

Ալեքսիս Սանչես նշանակեց Պարսելոնայի կոլը (33-րդ), իսկ Տիեկօ Կոտին` Աթլեթիքոյի կոլը (49-րդ):

Մրցումին աւարտէն ետք Աթլեթիքոյին չտրուեցաւ բաժակը դաշտին մէջ, որովհետեւ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահը չէր կրցած հասնիլ:

Ըստ երէկ հրապարակուած լուրերուն, Պարսելոնայի արժանթինցի մարզիչ Ժերարտօ Մարթինօ ներկայացուց իր հրաժարականը` երկկողմանի համաձայնութեամբ մը:

Այսպիսով, Աթլեթիքօ տարեշրջանը աւարտեց 90 կէտով, Պարսելոնա` 87, իսկ Ռէալ Մատրիտ` 87:

 

Share this Article
CATEGORIES