Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

1705sagesse

PROFOTO

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին Ղազիրի մէջ Սաժես 94-90 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Ամշիթը եւ 3-0 արդիւնքով գերազանցելէ ետք Ամշիթը, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 29-25, 50-41, 65-64 եւ 94-90:

Սաժեսի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տուարիք Սփենսըր (28 կէտ եւ 12 ռիպաունտ), իսկ Ամշիթէն Ֆատի Խաթիպ նշանակեց 22 կէտ:

Ինչ կը վերաբերի «ֆայնըլ ֆոր»-ի երկրորդ մրցումին, այսօր, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Պիպլոս իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Ռիատին:

Երկու կազմերուն միջեւ առաջին մրցումը, որ տեղի ունեցաւ նախանցեալ օր Մանարայի մէջ, աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Ռիատիի յաղթանակով, 73-66 արդիւնքով (17-14, 30-26, 64-49 եւ 73-66):

Պիպլոսէն Ճեսմըն Եանկպլատ նշանակեց 29 կէտ, իսկ անոր ետին երկրորդ ամէնէն բարձր կէտը նշանակողն էր Օմար Այուպի (9):

Իսկ Ռիատիէն 18 կէտ նշանակեց Ամիր Այուպի, մինչ անոր խմբակից Իսմայիլ Ահմետ` 17 կէտ:

 

Share this Article
CATEGORIES