Գիրքերու Մտերմութենէն Անդին. Մեր Քաղաքական «Ոչ»-ին Գեղարուեստական Արտայայտութիւնը

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

«Պղտոր Ջուրեր»… (Պրակ 5)
«Կիսալոյսեր Մութ Կապերու Վրայ…» (Վիպակ)

Book-Cover-Snabian-283x420«… Պէտք ունինք մեր ժամանակին վրայ լոյս նետող
Րաֆֆիի պէս հզօր կարողութիւններու»:

ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆ

Վերը մէջբերուած գողտրիկ տողը վերցուած է վաստակաշատ գրող ու գրականագէտին վերոնշեալ հրատարակութեան վերջին էջին վրայ արձանագրուած մէկ հատուածէն, եւ, անոր մէկ հերոսին` Ատոմին բերնով արտաբերուած մտածումէն, որ, կը կարծենք, թէեւ անպաճոյճ իր տեսքով, այնուամենայնիւ դիպուկ արտայայտութիւն մըն է, որ կ՛ամփոփէ ամբողջ գիրքին մտածողութիւնը, որ իր կարգին` կարելի է առնչել նաեւ այսօրուան հայ կեանքին, իրաւ գրողէ մը ակնկալուած յանձնառութեան, հայ գիրքի դիմագրաւած բազում դժուարութիւններուն:

Գիրքը կը բովանդակէ եօթը ենթաբաժանում, 196 էջ է, ըստ երեւոյթին, աւելի ծաւալուն գիրքի մը մէկ մասը կը կազմէ: Համազգայինի տպարանէն լոյս տեսած է 2013-ին:

Երկու հերոսներ, Պարոյր Անյայտեցի եւ Ատոմ, կը ներկայանան անջատ անհատականութեամբ` մէկը սովորական, հանդուրժողի, միւսը` ըմբոստի, ծայրայեղ խառնուածքի տիրոջ  կերպարով: Անոնց կ’ընկերակցին ընթերցողը մինչեւ գիրքի աւարտը, միշտ վարակիչ եւ հաղորդական բարեմասնութիւններու փայլքով:

Ատոմ, որ առանձնակի տիպար մըն է, եւ անոր մօտ շեշտուած` «յախուռն խառնուածք»-ը, սեփական ճակատագիր կերտելու ու պարտադրանքներուն «ոչ» ըսողի դերակատարութեամբ, մենամարտի է ելած բոլոր «կայուն» ուժերուն դէմ: Տեղին է հաստատել անոր կարեկցանքն ու նեցուկը հիփփիական շարժումին եւ անոր ունեցած ազդեցութիւնը` երիտասարդական մեծաթիւ փաղանգներու վրայ:

Ան նաեւ կը յատկանշուի իր հայրենասիրական տոչորումներով, պատկանելիութեան վսեմ զգացումով եւ խանդավառ ապրումներով:

Կը բաւէ սա տողերուն խորը թափանցել եւ հաստատել նշուածը, ուր ան կ՛ըսէ. «… թէ մեր պապերը այդ սրբատաշ քարերը (կոթողները) վեր խոյացուցին կամ սուզուեցան ժայռերն ի վար աստուածութեա՞ն մը համար արդեօք, թէ մեր հողը աստուածացնելու հեռարձակ երազներու ի խնդիր»:

Մինչ Պարոյրին մենք կը ծանօթանանք ազնիւ անհատի մը կեանքի դառնութիւններուն (ծնողքի կորուստ), ապա յանձին լաւ գործին, դրամին եւ զբօսնելու բազմաթիւ կարելիութիւններուն, այդուամենայնիւ ան կ՛ապրի անձկութեան պահեր սիրոյ արկածախնդրութիւններու, իսկ արանքին, նոյնիսկ խնճոյքներու սեղանին քով, տեսակ մը անորոշութեան ճիրանին յանձնուած` կ՛եռեւեփի, կը տագնապի, կը տարակուսի հոգեկան վերիվայրումներու պատճառած անդոհանքէն:

«Կիսալոյսեր` մութ կապերու վրայ» գիրքին մէջ հեղինակի ստեղծած տիպարները կը շնչեն երբեմնի շէնշող Պէյրութի, տարբեր արուարձաններու, գեղեցիկ ծովափի եւ կանաչ լեռներու  առինքնող բոյրով եւ մթնոլորտին ազդեցութեամբ:

Յիշել է պէտք, որ չափի եւ ոչ չափազանցութեան մարդ է Պարոյր Անյայտեցին, շատ անգամ խորասուզուած իր ապրումներուն մէջ, մինչ ուրիշ ատեն յանձնուած` իր ներքին փոթորկայոյզ ջուրերուն, շատ անգամ ամօթխած կը խորհրդածէ. «Միշտ դժուար եղած է ինծի, համարեա՛ անկարելի՛ սիրային փորձառութիւն մը պատմել ուրիշին»:

Հակադիր պատկերներ կը յաջորդեն իրարու գիրքի էջերուն մէջ` լոյսին բերելով մարդկային կեանքի վերաբերող արտասովոր, բայց կենդանի առանձնայատկութիւններ:

Տարօրինակ է նաեւ այն, որ գեղարուեստական մտքի ու շունչի արգասիք տողերուն կը յաջորդէ այլազան նիւթերու խայտանք մը, ուր հեղինակը վարպետօրէն զանոնք կ՛ագուցէ ընդհանուր թեմային` միշտ առանձնացնելով մարդկային տիպարը, որ դժգոհ կը խորհրդածէ. «Երկու բառ խօսողը` հմուտ, երկու բառ քով քովի դնողը գրող, երկու նախադասութիւն արտասանողը բեմի վրայ տեսնելու սարսափելի դիւրահաճութիւն մը կը վարէ մեզ հիմա…»:

Ընթերցողը որքան խորանայ գիրքի ընդհանուր պաստառին մէջ, այնքան ինքն իր պատկերը տեսնելու պատեհութիւն մը կ՛ուրուագծուի իր դիմաց, զգալով անոնց ջերմութիւնն ու արծարծած նիւթերու դիւթանքը, սապէս. «Հայելի՜ն: Ատկէ աւելի մեծ բարեկամ ունի՞ միթէ մարդը: Ունի՞ աւելի մեծ թշնամի:… Այդ վայրկեանէն ասդին որոշեցի հայելիին մէջ համարձակօրէն նայելու ոճի մը հետեւիլ: Եւ այդ օրէն ի վեր միայն հայելի սկսայ նուիրել մարդոց» (Ատոմ):

Իր կարգին, հայ կեանքով մտահոգ ընթերցողը պիտի աւելցնէ, թէ հեղինակը ստեղծած է այնպիսի հերոսներ, որոնք գոյ են մեր իրականութեան մէջ, կապ ունին մեր կեանքի իւրաքանչիւր բնագաւառին հետ, շատեր կը շնչեն հայօրէն, իսկ ուրիշներու մօտ անտարբերութիւնն ու մակաբոյծի կեանքն է գերիշխողը: Անոր համար` «… Այսօրուան երիտասարդին կիրքը հազուադէպօրէն միայն գաղափարներու շուրջ կը բորբոքի, քիչ է այդ կիրքը անոնց մէջ, այնքան քիչ, որ հազիւ իրենց կիներուն կը բաւէ»:

Պօղոս Սնապեան գրագէտի հոգեբանական բարդ վիճակներ ակօսելու ոճին ծանօթ ենք առհասարակ, կը շնչենք անոնց ներկայութիւնը իր բոլոր գործերուն մէջ, սակայն մեզ առինքնողը այս հատորին մէջ` կերպարներու հակասող էութիւնն է ամէն քայլափոխի:

Հեղինակը Սէն Բագրատեան տիպարին ընդմէջէն կը ներկայացնէ ամբողջ ժամանակաշրջանի մը ապազգային մտածողութիւնը ի հայրենիք (խորհրդային) եւ սփիւռքեան ժամանակի (յեղյեղուկ) տարիներ:

Փաստօրէն, Սէն Բագրատեան, գաղափարական ու ազգային հսկայ ժառանգութիւններէն  հրաժարելով, յիսուն-վաթսուն միլիոն մարդ յօշոտած իրաւակարգի մը հաւատք ընծայելով կը մտնէ անոր արիւնոտ ճամբաները, մոռնալով իր մօտիկ անցեալի կուսակցական պատկանելիութիւնը, համոզումներն ու ապրումներու շքերթը, ինքզինք շատ խելացի կարծելու թիւրիմացութեան մէջ իյնալով:

Այլ տիպար մը` Վարագ, մտաւորական եւ ազգային հակումներով, կ՛արձագանգէ ներկուսակցական խլրտումներուն, «լենինապաշտ»¬ի թէ «լայնախոհ»¬ի նեղմտութեան` ըսելով, թէ` «համայնավարութեան յիսուն տարիներու պատմութեան նոյնիսկ հարեւանցի ակնարկ մը նետած մարդը պիտի չհամարձակէր այսպէս անտեսել իրականութեան փաստերը եւ ցուցական երեւոյթներու մասին գրել նման հիասքանչ բաներ ու հաւատալ, որ ուրիշներ եւս հաւատան իրեն»:

Աւելի՛ն. նոյն հերոսին մօտ առկայ է հակաճառելու, ընդվզելու եւ անհատական կեցուածքներ յայտնելու մտադրութիւնը, ինչպէս նաեւ` թափանցիկութիւնը, որ ի տես Բագրատեանի նման մարդոց լենինեան ուշացած փառաբանութիւններուն եւ խնկարկումին, կը յիշէ պատմութեան իր ուսուցիչը, որ կ’ըսէր` «պէտք չէ վախնալ բառերու խստութենէն»:

Գրագէտի լեզուական եւ ոճային պայծառութիւնը ակնբախ է, մարդկային ներաշխարհը պեղելու եւ առեղծուածային վիճակներն անգամ հայ ընթերցողին հոգիի ոսպնեակէն անցընելու քաջութիւնն ու զգայնութիւնը ունի ան, իբրեւ վաւերական խորհրդանիշ իր համոզումներուն եւ հայեացքներուն: Այսպէս` բայց ի՜նչ հրաշալի է մեր լեզուն, ի՜նչ անհատնելի ու մշնանորոգ գանձ, ուժեղ, հնչեղ, նրբին, ճկուն, հին, ժամանակակից:

Հեղինակը ունի կուռ եւ խտացուած լեզուամտածողութիւն, ազգային ու մարդկային հարցերը դիտելու ուրոյն աշխարհահայեացք, կը փոխանցէ մարդկային կեանքի դառնութիւններն ու հրապոյրները, որոնց մտերմութեան մէջ կ’ապրի ան, երբ կ’ըսէ. «… Սփիւռք կոչուածը, որ կազմակերպական իր փորձառութեամբ ու միջոցներով, մեր փարախին մէջ պահեց տասնեակ հազար տարագիրներ, զանգուածներ: Իրագործեց համբուրելի շարք մը օրհնաբեր արարքներ, իրենց որջերուն մէջ շան սատակ ընելով ցեղասպան ճիւաղներուն կարկառուները, ապրելու ներուժ ներարկեց հոգիներուն, հպարտութիւն` մեծին ու պզտիկին, նոյնիսկ ընդդիմադիրներուն, ամէնուն, արթուն պահելով հայրենական ապրումները, ծածանելով սրբութիւն սրբոց դրօշակը»:

Սնապեանի գրականութեան մէջ դիմախաղ չկայ, ընդհակառակը` առճակատելու յանդգնութիւն եւ առերեսուելու համարձակութիւն, ուր ան կ՛ընդգծէ` կարմիրներու կաշառքներուն սպասող աղքատախնամները, թրքացած հոգիներ են:

Ան ունեցած է փայլուն երազներ, զորս չէ պարուրած նեղմտութեամբ: Այն ինչ որ իր ազգին, հայրենիքին, գրականութեան, պատմութեան, մշակոյթին եւ անփոխարինելի արժէքներու կը վերաբերի` պաշտպանած է անյագօրէն եւ  զանոնք փայփայած ի խորոց սրտէ:

Սիրային փորձութիւններու եւ անկէ բխող սեռային ալեկոծումներու հրայրք մը կ՛ապրի ան, երբ վիպակի հերոսուհիներէն մէկը հարց կու տայ Պարոյրին, թէ ուրկէ սորված էր այդ ֆրանսերէն երգի բառերը, ան` գրագէտը իր հերոսին բերնով, հմայիչ տողերու եւ  բռնկումով կ՛աւետէ, թէ անշուք անկիւն մը, անկողինի մը մէջ, կենսախայտ աղջկան մը շրթներէն, մերկութեան պայմաններուն մէջ:

Գիրքին հեղինակը գիտէ որսալ պահը ու անկէ բխող ներդաշնակ ապրումներու եւ վայելչանքի թրթիռները, եւ անոնցմով համակել շրջապատ մը ամբողջ:

Զարմանալի յատկութեամբ մը օժտուած է այս գիրքը, որուն ներառած պատմական ժամանակաշրջանը, ապրող տիպարներու գոյութիւնն ու վերլուծուող թեմաները, առհասարակ կը վկայակոչեն, թէ գրողը միշտ գտնուած է հայու հոգեմտաւոր կեանքի զարգացման հոլովոյթին մէջ:

Փաստօրէն, երբ ընկերային զրոյցի մը ընթացքին խօսք կը դառնայ քաղաքական պայքարի թէ ահաբեկչական արարքներու մասին, կրկին Ատոմն է մատնանշողը, թէ` «Արաբոներու ժամանակներէն սկսեալ ու ցանկը իր լրումին դեռ չէ հասած, բայց ահաբեկչական մեր գործունէութիւնը տեղի ունեցած է ընտրական ճամբով, այսինչ հրէշին կամ այնինչ հիդրային դէմ…»:

Յանկարծ կը լսուի ներկաներէն Արշաւիրին ձայնը.  «Մեզմէ ո՞վ պիտի չուզէր Թեհլիրեան ըլլալ»:

Յայտնապէս, ի՜նչ խօսք, երբ հարցը կը վերաբերի քաղաքական թէ ընտրական օրակարգերու առեւտուրին: Ծովակի բերնով` «հաւանական վնասները պիտի նախընտրէի, առաջարկուած քաղաքական այդ պոռնկութենէն»:

Ի տես անձնատուական միտքերու, այս անգամ պոռթկացողն է Ատոմ, որ կը գոռայ. «Գետի՛նն  անցնին այն բոլոր աթոռները եւ աթոռներուն հետ նաեւ աթոռակալները: Գլխահակ նուաստութեա՞մբ շահեր պիտի ապահովենք: Չէ՞ք կարծեր, որ մեր բոլոր յաղթանակները եւ գոյութեան գրաւականը այդ երկու գիրերուն խորհուրդին կը պարտինք, արարչական այդ ՈՉ-ին, հակադրաբար այն իմաստուններուն, որոնք նախամեծար կը համարէին գետնաքարշ իրաւախոհութիւնը…»:

Գիրքին աւարտին` հեղինակը իր երազանքին ընդառաջ, դարձեալ կը յիշեցնէ մեր անժամանցելի իրաւունքներուն եւ կարօտին մասին, որուն մարմնաւորումը հանդիսացաւ Րաֆֆի իր պայծառամտութեամբ եւ հայրենակերտի տեսլականով:

Մեր կարգին, հերոսներէն Լիլիին առընթեր, կը սպասենք հայ քաղաքական մտքի ու գրողական մակարդակներու յանձնուած ժապաւէններու հատումին:

Ընթերցանութեան ըմբոշխնումի հրաւէրով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES