«Ֆորպս» Հանդէսին Մէջ Ուշագրաւ Հրապարակում Մը. «Ցեղասպանութիւն Բառը Լիովին Կը Նկարագրէ Հայերու Ապրումները»

«Նիուզ.ամ» կայքէջը կարգ մը յապաւումներով իր ընթերցողներուն ներկայացուց յօդուած մը, որ լոյս տեսած է «Ֆորպս» հեղինակաւոր հանդէսի վերջին թիւին մէջ, եւ որուն հեղինակն է Ցեղասպանութեան վերապրող ընտանիքի մը ժառանգորդը, Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիա համալսարանի շրջանաւարտ Ժանօ Պօղոսեան:

Ստորեւ, արեւմտահայերէնի վերածելով, կը ներկայացնենք այդ յօդուածը.-

2014-ի ապրիլին ոգեկոչուեցաւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններէն մէկուն 99-րդ տարելիցը: Միայն 20-րդ դարուն աւելի քան 100 միլիոն մարդ զոհուեցաւ պատերազմի ու ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք: Հայոց պատմութիւնը մարդկութեան պատմութեան մէկ մասնիկն է, հայկական փորձը` համաշխարհային փորձին մէկ մասը:

Հայկական փորձը զուգահեռներ ունի մեծ, աւանդական հասարակութիւններու տանջահար փոքրամասնութիւններու եւ երկրորդական քաղաքացիներու հետ: Երկար տարիներ շարունակ թուրք իշխող դասակարգը կը պահպանէր ընկերային հաւասարութիւն: Երբ ընկերային ենթակառոյցները սկսան խարխլիլ, փոքրամասնութիւնները հաւասարութիւն կը փնտռէին, իսկ իշխող վերնախաւը` քաւութեան նոխազ: Մարդիկ, որոնք տասնամեակներ շարունակ կողք կողքի ապրած էին, իրարու դէմ ելան: Ազգային պետութեան գաղափարը ծնունդ տուաւ այլատեաց ազգայնականութեան: Պաշտօնեաներ սկսան խոստովանիլ, որ իրենց նախորդ յանցագործութիւնները անպատասխան մնացած էին: Հայերը կոտորուեցան համիտեան ջարդերու ընթացքին, կոտորուեցան Ատանայի մէջ, հրեաները «բիւրեղապակեայ գիշեր» վերապրեցան, ցեղասպանութիւն գործուեցաւ նաեւ Ռուանտայի մէջ:

Միջազգային մեծ հակամարտութիւնը կարելիութիւն ստեղծեց, որ իթթիհատականներ, նացիներ եւ ուրիշներ իրականացնեն իրենց ծրագիրները` գիտնալով, որ ո՛չ մէկը պիտի միջամտէ: Այս իմաստով հայկական փորձը ժամանակակից ցեղասպանութիւններու նախադէպն է:

ՄԱԿ-ի ուխտը ցեղասպանութեան մասին կը նշէ հինգ չափանիշներ, որոնք կը բնութագրեն ցեղասպանութիւնը: Հետաքրքրականն այն է, որ հայ ժողովուրդը այդ հինգ չափանիշներուն ալ ենթարկուած է: Սակայն չափանիշները նկատի չեն առներ ցեղասպանութեան հետեւանքները: Էլի Վիզել, որ Հրէական ողջակիզումէն վերապրած է, կը նկարագրէ ցեղասպանութեան ութ փուլ` դասակարգում, խորհրդանշայնացում, ապամարդասիրութիւն, կազմակերպում, բեւեռացում, նախապատրաստութիւն, իրագործում եւ ժխտում: Ֆրանսահայ գրող Մարք Նշանեանի համաձայն, «ցեղասպանութիւն» նկարագրութիւնը սովորական կը դարձնէ այն քաոսը, որ ուղեկցած է այդ իրադարձութիւններուն:

«Ցեղասպանութիւն»-ը չի կրնար ներառել ամբողջ այն ցաւը, զոր պատճառած է երիտթուրքերու վարչակարգը: Այս բառեզրը չի նկարագրեր հայ ժողովուրդի ոչնչացման փորձերը, հարուածները, որոնց կ՛ենթարկուին տուժողներու սերունդները` մնայուն ժխտումի պատճառով: «Ցեղասպանութիւնը չի կրնար փոխանցել հարկադիր տեղահանութեան նշանակութիւնը, 3000-ամեայ հայրենիքի կորուստը, մտաւորականութեան ու հարուստ մշակոյթի ոչնչացումը: Այդ բառը ի զօրու չէ վերականգնելու արդարութիւնը` հայերու հողերու, ունեցուածքի եւ հարստութեան հանդէպ, որոնք փոխանցուած են ժամանակակից Թուրքիոյ: Ցեղասպանութեան ժխտումի պատճառով պատմութիւնը չի վերաձեւակերպուիր, սուտն ու կեղծիքը կը հաղորդուին երիտասարդ սերունդին»:

Ասիկա բառախաղ մը չէ եւ քաղաքականութեան հարց մը չէ: 1915-ի անվերահսկելի քաոսը վնաս պատճառեց հայերու հետագայ սերունդներուն` թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ: Զոհերու խումբերը յիշողութիւնը արդարացնելու կարիք չունին, անոնք արդարութեան կարիքն ունին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES