«Սապահ»-ի Մէջ Ցնցիչ Յօդուած Մը. Այն Տեսակէտը, Թէ «1915-ին Հայերու Դէմ Կատարուածը Իրաւացի Էր»

«Սապահ»-ի սիւնակագիր Ռասիմ Օզան Քիւթահեալը իր սիւնակին մէջ հրատարակած է յօդուած մը, որ բաւական ցնցիչ է: Ան կը քննարկէ թրքական այն տեսակէտը, թէ «Թուրքերը իրաւունք ունէին 1915-ը կիրարկելու հայերու դէմ» եւ այդ տեսակէտին դէմ իր ամբողջ ցասումը կը յայտնէ:

Ան դիտել կու տայ, որ 1990-ական թուականներուն տիրող պաշտօնական տեսակէտն այն էր, որ «սպանդ չկար, փոխադարձ բախում կար»: Ինքն ալ ատենօք ինքզինք հանգստացնելու համար իւրացուցած էր այս տեսակէտը: Շարունակ կը կարդար այնպիսի նիւթեր, որոնք այս տեսակէտը զօրացնելու կոչուած էին: Ինք ալ տակաւին սկիզբէն պայմանաւորուած էր այնպիսի նախադասութիւններով, ինչպիսիք էին` «Ամէն ինչ փոխադարձաբար պատահեցաւ», «Երկու կողմերն ալ իրարմէ ներողութիւն թող խնդրեն», «Պատահածը պատերազմական պայմաններու հետեւանք էր, սպանդ չէր, փոխադարձ կռիւ էր»: Յօդուածագիրը ապա այսպէս կը շարունակէ:

***

Բայց հակառակ որ կարդացած չէի որեւէ գիրք, ուր պնդուէր, որ «1915-ին ցեղասպանութիւն մը կատարուած է», արդէն սկսած էի զգալ, որ մեր թրքական տեսակէտը պաշտպանող գիրքերուն մէջ գրուածէն ուրիշ բաներ ալ կային: Այս մասին գրուած յօդուածները ընդհանրապէս կը սկսէին «Բան մըն ալ չպատահեցաւ» նախադասութեամբ, յետոյ կը մօտենային «Սպանդները փոխադարձ էին» նախադասութեան, եւ վերջապէս կը յանգէին «Այո՛, եղաւ, բայց պարտաւոր էինք այսպէս ընելու» նախադասութեան:

Ահաւասիկ այս կէտին վրայ է, որ ուղեղս ու սիրտս սկսաւ հարցաքննել պաշտօնական տեսակէտը: Ինծի համար ուղղակի ստորութիւն ու անբարոյականութիւն պիտի ըլլար որպէս թուրք` հաւանութիւն տալ տեսակէտի մը, որ կ՛ըսէր. «Այո՛, սպանդ գործեցինք, բայց իրաւացի էինք»:

Այդ շրջանին շատ կը կարդայի Ճասթին Մաք Քարթիի գրութիւնները, մէկը, որ արտասահմանի մէջ թրքական տեսակէտը պաշտպանողներուն գլխաւորներէն էր, եւ որ պարբերաբար ալ Թուրքիա կու գար պետութեան հրաւէրով: Ան թէեւ չէր ուրանար, որ մեծ թիւով մարդիկ սպաննուած էին տեղահանութեան պատճառով, բայց կ՛աւելցնէր հետեւեալը. «Եթէ այս տեղահանութիւնը չկատարուէր, արեւելեան Անատոլուի տարածքը չէր կրնար մնալ Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ, ուստի կատարուածները իրաւացի էին»:

Մաք Քարթիին այս մեկնաբանութիւնը մէկ վայրկեանի մէջ գոհացում կը պատճառէր շատերու, շուրջիններէս շատեր կրնային ըսել, որ` «Է՜, եթէ այդպէս է, այդ եղածները իրաւացի են եղեր ճանըմ»:

***

Ռասիմ Օզան Քիւթահեալը հոս կ՛ընդհատէ իր յօդուածը ու կը գրէ, որ մնացեալը պիտի հրատարակէ վաղուան թիւով:

Share this Article
CATEGORIES