«Թարաֆ»-ի Մէջ Թալէաթ Ուլուսոյի Յօդուածը. Թրքացումի Քաղաքականութիւնը Հանրապետութեան Շրջանին

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

«Թարաֆ» թերթը 24 ապրիլի կապակցութեամբ  հրատարակեց յօդուածներ, որոնք միշտ դիրքաւորում ունին այս հարցի մէջ պետութեան պաշտօնական տեսակէտին դէմ: Այս ծիրին մէջ հրատարակուած է Թալէաթ Ուլուսոյ ստորագրութեամբ յօդուած մը, որ ունէր դժուար թարգմանելի խորագիր մը. «Դուք ալ անոնցմէ՞ էք, զորս չենք կրցած թրքացնել»: Յօդուածին մայր նիւթն է յիշեցնել այն գաղտնի աշխատանքը, որ հանրապետական շրջանին, քսանական թուականներէ ասդին, թուրք իշխանութիւններու կողմէ տարուած է Թուրքիոյ տարածքին վրայ ապրող բոլոր ազգային հաւաքականութիւնները թրքացնելու ուղղութեամբ: Կը կարդանք.

Հայերը բոլորովին չէին մաքրագործուած 1915-ին, որովհետեւ, թէեւ դիւրին էր մաքրագործել Անատոլուի ափ մը հայերը, բայց Պոլսոյ մէջ հայերը կը շարունակէին ապրիլ: Իսկ Պոլսոյ հայերը պէտք էր զոհողութիւններ ընէին իրենց լեզուէն ու բարքերէն, պէտք էր փոխէին իրենց միութիւններուն անունը, զանոնք թրքացնէին, որպէսզի «թուրքի պէս» ապրէին, այսինքն օգտուէին քաղաքացիական իրաւունքներէ:

Յօդուածագիրը շատ հետաքրքրական տուեալներ կը փոխանցէ այդ շրջանի եղելութիւններէն: Օրինակ, կը նշէ, որ երբ հայերը Անգարա դիմում կատարեցին, որպէսզի Լոզանի դաշնագրին համաձայն, փափաքող հայերը Թուրքիա վերադառնան, Ատանայի մէջ շրջանային թերթեր խստօրէն քննադատեցին այս դիմումը: Ասիկա կը նշանակէր, որ կառավարութիւնը իր մատը կը շարժէր սպառնալիքի ձեւով:

1924-ին «Վագիթ» թերթին մէջ կը հրատարակուի լուր մը, որուն խորագիրն է` «Հայերու վերադարձը»: Հոս տեղ կը տրուի ներքին գործոց նախարարութեան մէկ հաղորդագրութեան, ըստ որուն, գաղտնի տեղեկագիր մը պատրաստուած է հայերու վերադարձին ի նպաստ աշխատող երեսփոխաններուն մասին: Այս երեսփոխանները, որոնք այդ շրջանի նշանաւոր անձնաւորութիւններն են, ինչպէս` Ռուշեն Էշրեֆ, Եունուս Նատի, Գըլըճ Ալի, ի վերջոյ անմեղ կը հռչակուին եւ այս կերպով կառավարութիւնը այն տպաւորութիւնը կը ստեղծէ, որ նոյնիսկ այսպիսի անձեր ներման չեն ենթարկուիր, եթէ նմանօրինակ գործունէութիւն ունենան: Ո՛չ մէկը ինքզինք խաբէ` կարծելով, որ հայերը կրնան վերադառնալ եւ ոչ մէկը հայերու դատապաշտպանութիւնը թող ստանձնէ:

Այդ օրէն ետք ո՛չ հայ մը կրցաւ վերադառնալ, ո՛չ ալ գրաւուած ապրանքներէն գնդասեղ մը վերադարձուեցաւ հայերու: Եւ նախարարութիւնը իր հաղորդագրութեան մէջ իրենց հայրենիքէն բռնի ուժով վտարուած հայերը անուանեց «փախստականներ»: Ասիկա վարպետ գողին պատմութիւնն էր, վարպետ գողը, որ կը խաբէ տանտէրը (եաւուզ հըրսըզ):

Դարձեալ այդ օրերուն հրատարակուեցան լուրեր, ըստ որոնց` վերելքի միութեան վարիչներէն Էօմեր Ազիզ պէյ հայերու անունով աղերսագիր մը յղած էր Իսմեթ Ինէօնիւին եւ յայտնած էր, որ հայկական կազմակերպութիւններն ու համայնքը պատրաստ էին հրաժարելու Լոզանի դաշնագրով իրենց տրուած իրաւունքներէն եւ այս կերպով քայլեր առնել, որպէսզի այսուհետեւ ընդունէին թրքութիւնը: Ահա հայերը ոչ միայն կը հրաժարէին արտասահմանի հայերը երկիր վերադարձնել աշխատելէ, այլ նաեւ կը մնային իրենց հայութիւնը դրժելով թրքութիւնը ընդունելու ստիպողութեան տակ:

1926-ին հայերը կը սկսին ստորագրութիւն հաւաքել, որպէսզի հրաժարին Լոզանի դաշնագրի իրաւունքներէն: Հայկական վերելքի միութեան նախագահ Կարապետ Եաղուպեան 600 ստորագրութիւններ հետը տանելով` Անգարա կ՛երթայ ու 13 ապրիլ 1926 թուականին այդ շրջանի «Մարմարա» թերթին կը ղրկէ հեռագիր մը, ուր կը նշէ, որ Անգարա գոհունակութեամբ դիմաւորած է ստորագրութեան այս արշաւը, եւ թէ` այսուհետեւ հայերը այլեւս իրաւունք պիտի ունենային առ այժմ ճամբորդելու Պուրսայի, Եագաճըքի, Եալովայի ջերմուկներուն մօտ: Այս մասին հրահանգ տրուած էր կուսակալութեան: Այսպէս` իթթիհատականներու գիծէն քալող հանրապետութիւնը խղճահարութեան եկած էր եւ թրքութիւնը ընդունելու փոխարէն` դէպի ջերմուկներ ճամբորդելու արտօնութիւն տուած էր հայերուն:

Յօդուածագիրը ապա դիտել կու տայ, որ մէկ տարուան ընդմիջումէ մը ետք, 1928-ին «Հիւր Թիւրքիյէ» (Ազատ Թուրքիա) անուն թերթ մը հրատարակուեցաւ հին թրքերէնով եւ հայերէնով: Թերթին արտօնատէրն ու հրատարակութեան տնօրէնն էր Հրանդ Անդրէասեան, իսկ գլխաւոր խմբագիրը` Վեզիրօղլու Էօմեր Ազիզ: Հաւանաբար այս վերջինին գրիչէն ելած էր այն յօդուածը, ուր կը բացատրուէր թերթին հրատարակութեան նպատակը: Այսպէս.

«Հիւր Թիւրքիյէ» թերթը ամէն բանէ առաջ հայրենակցութեան օրկան մըն է: Այն տարրերը, որոնք դարերէ ի վեր թրքական հողերը իբրեւ հայրենիք ընդունած են, սակայն միաժամանակ շարունակած են ներկայացնել իրենց ցեղերը, այլեւս պէտք է հաւատան, որ թրքական հայրենիքի մէջ միայն թուրքեր կան: Բոլոր այն հայրենակիցները, որոնք այս պատուաբեր անուան տակ անդորր ու հանգիստ կեանք մը ապրիլ պիտի ուզեն եւ պիտի ըմբռնեն ատոր կարեւորութիւնը, պիտի տեսնեն, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան կառավարութիւնը իր գուրգուրոտ գիրկը պիտի բանայ անոնց, իսկ իրենք զիրենք տարբեր զգացողներուն ալ այլեւս տեղ չկայ այս հողերուն վրայ:

Յօդուածագիր Թալէաթ Ուլուսու այստեղ իր կողմէ կը յիշեցնէ, որ նմանօրինակ գրութիւններու մէջ «հայրենակից» անուանուած են ոչ իսլամները, իսկ իսլամները արդէն «թուրք» կ՛անուանուէին:

«Հիւր Թիւրքիյէ» թերթի կողմէ հրատարակուած յօդուածին մէջ ալ դեռ կ՛ըսուէր հետեւեալը.

«Մենք հանրապետութեան կառավարութենէն պիտի խնդրենք, որ մեր իրաւունքները չառնուին մեզմէ: Բոլոր այն տարրերը, որոնք ատենօք կը կոչուէին հայ, յոյն կամ հրեայ, եւ որոնք հիմա այլեւս միայն թուրք պիտի կոչուին, պարտաւոր են փաստել թրքութեան նկատմամբ իրենց հաւատարմութիւնը»:

Թէ ի՞նչ կը նշանակէ «թրքացնել» կամ «թրքանալ» ասութիւնը, ատոր ալ պատասխանը հետեւեալն է.

«Թրքութիւնը կը նշանակէ, որ թրքական հողերու վրայ այլեւս իրենց վաւերականութիւնը կորսնցուցած զանազան տարրեր բարոյական եւ նիւթական ուժեղ կապերով պիտի կապուին թուրք կառավարութեան: Թրքացում` կը նշանակէ թրքական հողերու վրայ իրաւ թուրքի նման օգտուիլ թուրքերու վայելած իրաւունքներէն»:

Յօդուածի վերջին մասին մէջ Թալէաթ Ուլուսոյ դիտել կու տայ, որ քսան տարի վերջ տակաւին իթթիհատական մտայնութեամբ գործող հանրապետականները իրագործեցին Էնվեր, Թալէաթ եւ Ճեմալի առաջնորդութեամբ ստեղծուած «մէկ ցեղ, մէկ ազգ» կարգախօսը եւ յաջողցուցին «արիւնահեղ մաքրագործում» մը: Ասիկա նաեւ փաստարկումն էր այդ տարրերը ձուլման ենթարկելու:

Հանրապետութեան շրջանի նոր իթթիհատականները, որոնք շահած էին «ազգային փրկութեան մեծ պատերազմը», ի՞նչ բանէ կը վախնային: «Հիւր Թուրքիյէ» թերթի աւագ խմբագիրը սապէս գրած էր այդ մասին. «Պէտք չէ մտահոգուիլ այդ երեք, հինգ կամ երեք հարիւր, հինգ հարիւր հայերու Անատոլուի մէջ ճամբորդելէն, մենք հիմա պարտաւոր ենք անցեալը ամբողջովին մոռնալու եւ նայելու դէպի ապագայ: Մեր կառավարութիւնը ներքին եւ արտաքին որեւէ ազդեցութեան տակ պիտի չմնայ, անիկա ունի այդ զօրութիւնն ու հեղինակութիւնը, եւ հայերը ասիկա կը հասկնան աւելի լաւ քան ուրիշները»:

Եւ «ճիշդ է», կ՛ըսէ Թալէաթ Ուլուսոյ: Միայն հայերն են, որ իրենց չդարմանուած վէրքերուն պատճառով կ՛ըմբռնեն իթթիհատական մտայնութեան տէր պետութեան ուժը: Երանի՜ թէ նոյնը քիչ մըն ալ ըմբռնէին իսլամապաշտները, հանրապետականները, ժողովրդապետականները, ազատականները եւ ձախակողմեանները:

 

Share this Article
CATEGORIES