Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մեր Հասարակաց Ցաւը

Ապրիլ քսանչորսեան 99-ամեակի անցուդարձերն ու կատարուած յայտարարութիւնները վերատեսութեան ենթարկելով` կարելի է եզրակացնել, թէ սպասուածին նման, այդքան ալ անակնկալ արտայայտութիւններ չկատարուեցան ղեկավարներու կողմէ:

Հոս տեղին է անդրադառնալ երեք ղեկավարներու` Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի կատարած յայտարարութիւններուն: Հաւանաբար, այս վերջինին պարագան, համեմատած մնացեալ երկուքին, աւելի տարբեր եւ իրապաշտ է: Յատկապէս վերջին քանի մը ամիսներուն Եւրոպայի վեցանկիւն երկրի ղեկավարին հասցէին վերագրուած ամբաստանութիւններու արդիւնք` ամէնէն աւելի հակադրուած հայորդին, մէկդի դրած Հոլլանտի ապագայի այլ «հաշիւներ»-ը, հարկ է, որ գնահատէ անոր յայտարարութիւններն ու յատկապէս անձամբ ներկայութիւնը, Սենի ափին, Կոմիտասի արձանին առջեւ կազմակերպուած յուշահաւաքին առիթով:

Արդարեւ, Ֆրանսայի նախագահը խօսեցաւ Ցեղասպանութեան համաշխարհային ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին: Ան շեշտեց, թէ Ֆրանսա շարունակ պիտի զօրակցի Հայոց ցեղասպանութեան հարցին նկատմամբ, անշուշտ եզրակացնելով, թէ տարի մը ետք ինք Երեւանի մէջ պիտի մասնակցի հարիւրամեակի հաւաքին:

Հոլլանտի այս կուռ ու վճռական խօսքերուն դիմաց բոլորովին տարբեր բեւեռ կարելի է նկատել վերոյիշեալ երկու միւս ղեկավարներուն` Էրտողանի եւ Օպամայի յայտարարութիւնները:

Թուրքիոյ վարչապետը Հայոց ցեղասպանութեան (անշուշտ` առանց ցեղասպանութիւն բառը գործածելու) վերաբերեալ յայտարարութիւն մը հրապարակելով` Թուրքիոյ պետութեան անունով ցաւակցութիւն յայտնեց քսաներորդ դարու սկզբնաւորութեան` սպաննուած հայորդիներուն թոռներուն:

Ամենայն ճկունութեամբ, եւ անշուշտ` կեղծիքով, ան նշեց, թէ ապրիլ 24-ը յատուկ նշանակութիւն ունի Թուրքիոյ մէջ բնակող հայ քաղաքացիներուն եւ աշխարհի տարածքին բոլոր հայերուն համար: Ան փորձեց ինքզինք արդարացնել` նշելով, որ եթէ կազմակերպուած ջարդ պատահէր, ոչ մէկ հայորդի կը մնար Պոլսոյ եւ այլ քաղաքներու մէջ: «Հասարակաց ցաւ» բացատրութիւնը գործածելով` ան շեշտեց, թէ Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն բոլոր ժողովուրդները ցաւով լեցուն դժուար ժամանակներ ապրած են, եւ պէտք է որ այդ ժամանակաշրջանին ապրուած ցաւերուն համար արդար, մարդկայնական եւ խղճամիտ կեցուածք որդեգրուի:

Թուրք ղեկավարէ մը այլ բան չէր սպասուեր, դժբախտաբար միեւնոյն ակնկալութիւնն ալ պիտի գար Սպիտակ տունէն, ուր յաջորդաբար վեցերորդ տարին ըլլալով` նախագահ Օպամա կրկնեց «թութակաբանութիւն» մը` շարունակ գործածելով «Մեծ եղեռն» արտայայտութիւնը: Աւելի՛ն. նախագահ Օպամա առ հասարակ, աւելի շեշտեց «Հասարակ ցաւ»-ը` ողջունելով այն խիզախ հայերն ու թուրքերը, որոնք իրենց կառավարութիւններուն, ներառեալ` իր աջակցութեամբ, կը փորձեն հաշտուիլ պատմական անցեալի մութ էջերուն հետ:

Այսպէս, «Հասարակաց ցաւ»-ին հարիւրամեակի սեմին ենք եւ դե՛ռ կեղծիքը կը շարունակուի:

Share this Article
CATEGORIES