Ուքրանական Ճգնաժամին Շնորհիւ Փութինի Վարկանիշը Գերազանցած Է Նախորդ 6 Տարուան Ցուցանիշը

Վլատիմիր Փութին
Ռուսիոյ մէջ կատարուած վերջին հարցախոյզներուն իբրեւ արդիւնք ի յայտ եկած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի վարկանիշը Խրիմի անկախանալէն եւ Ռուսիոյ միանալէն ետք հասած է 85 առ հարիւրի:
Բրիտանական «Տի Ինտիփենտընթ» օրաթերթը կը յայտնէ, որ Իրանի «Փրես Թի.Վի.»-ին տուեալներով Ուքրանիոյ ճգնաժամի հարցին մէջ Արեւմուտքի մէջ Փութինի լայնօրէն դատապարտուող դիրքորոշումը զինք աւելի սիրելի դարձուցած է ռուս հանրութեան աչքերուն` անոր վարկանիշը վերջին 6 տարիներուն հասցնելով առաւելագոյնին:
Հասարակական կարծիքի ուսումնասիրութեան համառուսական կեդրոնի կատարած հարցախոյզին արդիւնքները ցոյց տուած են, որ այս ամսուան սկզբնաւորութեան Վլատիմիր Փութինի վարկանիշը բարձրացած է` 82 առ հարիւրէն հասնելով (ապրիլի համեմատ) 85 առ հարիւրի, եռակի աճ արձանագրելով նաեւ տարեսկիզբին համեմատ:
Ռուսիոյ մէջ քաղաքական վերլուծաբանները կը կարծեն, որ այս արդիւնքները մեծամասնութեամբ պայմանաւորուած են Ռուսիոյ վիճայարոյց միջամտութեամբ` ուքրանական ճգնաժամի հարցին մէջ:

